image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Պայքար»ի. Միջազգային հանրութիւնը կը սպառնայ... գործելէ առաջ

Խմբագրական «Պայքար»ի. Միջազգային հանրութիւնը կը սպառնայ... գործելէ առաջ

Մինչ հարաւային Կովկասի մէջ դէպքերը կ'ընթանան արտակարգ արագութեամբ, միջազգային հանրութիւնը վերջապէս կ'արձագանգէ պատահած իրադրութեանց, համարեա երկու տարուան յապաղումով: Երբ սկսան բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշնագիր մը կնքելու, վարչապետ Փաշինեան յայտնեց թէ միջազգային հանրութիւնը (կամ` հասարակութիւնը, հայաստանեան բացատրութեամբ) կ'ակնկալէ որ Հայաստան նշաձողերը իջեցնէ. այսինքն, իբրեւ պարտուած կողմ, հրաժարի իր կարգ մը պայմաններէն որպէսզի այդ միեւնոյն հանրութիւնը հասնի օգնութեան եւ Կովկասի մէջ հաստատէ խաղաղութիւնը: Սակայն, Հայաստանի հանրութիւնը տակաւին չհաշտուած այդ զիջումներուն հետ, Ատրպէյճան զանոնք պարտադրեց Հայաստանին ու կը փորձէ նաեւ զանոնք ընդունելի դարձնել միջազգային հասարակութեան: Արդարեւ, նախագահ Ալիեւ յայտարարեց որ Լեռնային Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի, որովհետեւ ինք լուծած է այդ հարցը 44օրեայ պատերազմով: Եւ արդէն այդ կերպով Հայաստանին ըսելիք չէր մնար բացի ընդունելէ դառն իրականութիւնը. արդէն Ատրպէյճան գետնի վրայ կ'իրագործէ կատարուած իրողութիւններ, արագ յաջորդականութեամբ, որպէսզի Հայաստան չհասնի բողոքելու առաջին անիրաւութեան դէմ: Այսպէս Լեռնային Ղարաբաղի կորուստը պարտադրելէ ետք Հայաստանին, Պաքու ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններէն ներս, առիթ չտալով որ Հայաստան սահմանէ իր քաղաքականութիւնը Արցախի կապակցութեամբ եւ ապա կ'անցնի Զանգեզուրի միջանցքին, մոռցնել տալու համար սահմանային գրաւումներն ու ռազմագերիներու խնդիրը. եւ այսպէս, շարունակաբար:

Հայաստան զարմացած ու զայրացած էր որ միջազգային հանրութիւնը լռութիւն պահած էր 2020ի Ատրպէյճանի նախայարձակման դիմաց, սակայն այսօր գոհունակութեամբ կ'արձանագրէ որ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի երկու անդամ երկիրներէն – որոնք նաեւ համանախագահներն են Մինսքի խումբին – Ատրպէյճանի դէմ – ի պաշտպանութիւն Հայաստանի – բողոքի ձայներ կը լսուին. թէ որքան ժամանակ վերջ այդ բողոքները կենան գործնական քայլերու առաջնորդել` պիտի ցոյց տայ ապագան:

Այսպէս, երկու յաջորդական օրերու, Նոյեմբեր 15ին եւ 16ին արձագանգներ լսուեցան Փարիզէն եւ Ուաշինկթընէն, կասկած չթողելով անոնց փոխ-կապակցութեան մասին:

Նոյեմբեր 15ին Ֆրանսայի Ծերակոյտը կայացուց սպառիչ քննարկումներ 44օրեայ պատերազմին, Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան դաշինքին մասին: Ծերակուտականները մէկ առ մէկ փաստարկումներ կատարեցին ատրպէյճանական յարձակման, վայրագութիւններուն, գերիներու ճակատագրին եւ սահմանային գրաւումներու մասին: Այնքան ծանր, ամբողջական եւ հասցէագրուած էին ելոյթները, որոնք գերազանցեցին մինչեւ անգամ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչները, միջազգային ատեաններու առջեւ:

Եւ ապա որդեգրուեցաւ բանաձեւ մը ուղղուած Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեանց, առ ի գործադրութիւն. այդ բանաձեւ մը կը բաղկանար տասը մասերէ, որոնք էին.-

- Ֆրանսա կը դատապարտէ 2022 Օգոստոսի եւ Սեպտեմբեր 13-14, 2022 

- Ատրպէյճանական նախայարձակումները Հայաստանի դէմ:

- Կոչ կ'ուղղէ Ատրպէյճանին, առանց նախապայմանի իր ոյժերը ետ քաշել 

- Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: 

- Կոչ կ'ուղղէ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ յարգելու Հայաստանի հողային 

   ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

- Կոչ կ'ուղղէ առանց նախապայմանի ազատ արձակել հայ ռազմագերիները:

- Կոչ կ'ուղղէ Ատրպէյճանին յարգել հայոց մարդկային իրաւունքները 

  հրաժարիլ ցեղային խտրականութենէ ու պահպանել մշակութային 

  ժառանգութիւնը համապատասխան Յունուար 4, 1969 Միջազգային 

  պայմանագրին:

- Կոչ կ'ուղղէ գործադիր կառավարութեան Ատրպէյճանի նախայարձակումը

   քննարկել ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին եւ Միջազգային ոճրադատ 

  ատեանի առջեւ:

- Պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի դէմ եւ միեւնոյնը առաջարկել 

  եւրոպական իր գործակից երկիրներուն:

- Կը հրաւիրէ գործադիր իշխանութիւնը սատարելու Հայաստանի

  պաշտպանական ոյժերուն: 

- Կը թելադրէ գործադիր իշխանութեան մարդասիրական կեդրոն մը 

  հաստատել Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ տեղադրել միջազգային 

  խաղաղապահ ոյժեր:

- Կոչ կ'ուղղէ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը եւ այդ 

  հիմքերով կայացնել խաղաղութեան բանակցութիւնները:

- Կը թելադրէ գործադիր իշխանութեան իր լաւագոյնը գործադրել` մնայուն 

  խաղաղութիւն հաստատելու հարաւային Կովկասի մէջ:

Ֆրանսական Ծերակոյտը 295ի դէմ մէկ քուէով վաւերացուց այս որոշումը, որ արժանացաւ Ատրպէյճանի զայրալից հակադարձութեան:

Նախ Պաքու հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Ֆրանսայի Ծերակոյտը ՙնախապաշարեալ եւ տգէտ՚ հռչակելով. ապա Պաքուի մօտ ֆրանսացի դեսպանը հրաւիրեց արտաքին գործոց նախարարութիւն յուշագիր մը յանձնելով անոր:

Ատրպէյճան լրջօրէն կազմակերպած է իր լրատու միջոցներն ու ապատեղեկութիւն տարածելու իր գործօնները: Շատ աւելի ազդեցիկ քան Հայաստանինը: Օրինակ երբ վերջերս Պելառուսի նախագահը Ալեքսանտր Լուքաշենքօն հրապարակաւ անարգեց Հայաստանն ու վարչապետը, սակայն, միջազգային հանրութիւնը չիմացաւ որ ի՞նչ էր Հայաստանի հակադարձութիւնը:

Նոյեմբեր 16ին ալ Ուաշինկթընի մէջ կայացան Ամերիկայի Ծերակոյտի Արտաքին Գործերու Յանձնաժողովի լսումները, որոնց կը նախագահէր ծերակուտական Պապ Մենենտէզ:

Ծերակոյտի նախագահը կը հարցաքննէր Պետական փոխ-քարտուղար Քերըն Տոնֆրիտն ու դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըտը, որ գլխաւոր խորհրդականն է կովկասեան բանակցութեանց ԱՄՆի պետական քարտուղարութեան կողմէ:

Պր. Մենենտէզ նախ քննադատեց գործադիր իշխանութիւնը որ հասցէական կերպով չի դատապարտէր նախայարձակ Ատրպէյճանը. ապա անդրադարձաւ գերիներու հարցին, բայց մանաւանդ խիստ քննադատութեան ենթարկեց գործադիր իշխանութիւնը որ հակառակ 907 յօդուածին, Ազատութեան Պաշտպանութեան որոշումնագրին, Պաքու կը շարունակէ ռազմական օգնութիւն ստանալ Ամերիկայէն:

Երկու պաշտօնատարները, որոնք կը ներկայացնէին գործադիր իշխանութիւնը ջանացին չէզոք դիրք մը պահպանել, որ Ծերակուտական Մենենտէզի համար մնացին ՙանընդունելի՚:

Քաղաքական այս նախաձեռնութիւնները ոգեւորութիւն կը պատճառեն հայկական կողմին համար, որ վերջապէս պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կը քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի խնդիրները:

Նոյն ատեն անոնք քաղաքական զօրաւոր ճնշումներ կը դառնան Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ: Սակայն, այդ բոլորով հանդերձ, Ալիեւ անպատիժ կերպով կը շարունակէ իր յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն վրայ:

Հարց է թէ` ինչո՞ւ

Ա. Երկու պարագային ալ Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը, ինչպէս Մենենտէզի լսումները կը կատարուին սահմանադիր իշխանութեանց մակարդակով. եւ լաւագոյն պարագային` անոնք յանձնարարութիւններ են գործադիր իշխանութեան եւ չունին օրէնքի ոյժ: Մինչ անդին, գործադիր իշխանութիւնները կը շարունակեն գործել ռէալ փոլիթիքի կիրարկումով որոնք յաճախ հեգնանքի կը վերածեն տուեալ պետութեան ժողովրդավարական եւ մարդկային սկզբունքի քարոզչութիւնը:

Բ. Ալիեւ կը շարունակէ անպատիժ գործել, որովհետեւ քաջալերանք կը ստանայ Մոսկուայէն: Այս օրերուն երբ Ռուսաստան յուսահատ կերպով խրուած է ուքրանական պատերազմին մէջ, ի վիճակի չէ հակազդելու թուրք- ազերիական նախայարձակումներուն, եւ իր լռութեան գինը կը վճարէ Հայաստանի հաշուոյն:

Գ. Գոյութիւն ունի նաեւ քիչ անգամ գրուած եւ խոստովանուած ազդակ մը որ ամէնէն կարեւորն է – Ատրպէյճան Իսրայէլի ռազմադաշտն է ուր կը լրտեսէ Իրանը եւ կը կազմակերպէ իր ռազմագիտական քայլերը: Հետեւաբար, Եւրոպան կամ Ամերիկան, կաշկանդելով Ատրպէյճանը կրնան վտանգել Իսրայէլի ներկայութիւնը այդ երկրին մէջ, ու նաեւ` ռազմարդիւնաբերական շահաբեր առեւտուրը: Ուրեմն Ատրպէյճան բարեկամ է Իսրայէլի, հետեւաբար` Արեւմուտքի որդեգիրին եւ թշնամի է Իրանին:

Տեսէք թէ ո՞ւր կը կայանան Հայաստանի քաղաքականութիւնն ու ճակատագիրը – Հայաստան թշնամի է Ատրպէյճանին եւ բարեկամ Իրանին:

Եթէ կարենանք յստակօրէն լուծել քաղաքական այդ թնճուկը, այն ատեն կը հասկնանք որ ինչո՞ւ գործի չեն վերածուիր Արեւմուտքի վրդովեալ առաջարկները եւ ինչո՞ւ Ալիեւ կը շարունակէ իր անվախ եւ անսանձ քաղաքականութիւնը Հայաստանի հանդէպ: