image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Թրամփի ձախող նշանակումներու շարքին` թրքահպատակ Մահմէտ Օզը

Խմբագրական «Մասիս»ի. Թրամփի ձախող նշանակումներու շարքին` թրքահպատակ Մահմէտ Օզը

Նորընտիր նախագահ Տանոլտ Թրամփ կը շարունակէ յաջորդաբար հրապարակել անունները, որոնք մաս պիտի կազմեն իր կառավարութեան:

Թրամփի առաջին իսկ նշանակումները զարմանք յառաջացուցին քաղաքական շրջանակներու մօտ, նկատի ունենալով, որ խոցելի անցեալով մարդիկ նշանակուեցան պաշտօններու, որոնց համար չունին համապատասխան կարողութիւններ ու ատակ չեն իրենց ստանձնած գործը կատարելու:

Նմաններու շարքին էր գոնկրէսական Մէթ Կէյթցը, որ կը կասկածուի անչափահաս աղջիկներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու մէջ: Ներկայացուցիչներու Տան բարոյականութեան յանձնախումբը կը պատրաստուէր հրապարակելու Կէյթցի մասին իր երկար ամիսներ տեւած քննութեան արդիւնքը, երբ Տանոլտ Թրամփ առաջադրեց զինք, որպէս երկրի ընդհանուր դատախազ` ղեկավարելու համար Արդարադատութեան նախարարութիւնը:

Կէյթցի նշանակումը դժգոհութիւն յառաջացուց ո’չ միայն Դեմոկրատներու, այլ նաեւ Հանրապետականներու մօտ: Երբ պարզ դարձաւ, որ Ծերակոյտը պատրաստ չէ հաստատելու Կէյթցի թեկնածութիւնը, ան որոշեց այլեւս չձգտիլ այդ պաշտօնին:

Այս ձախողումը մեծ հարուած էր Թրամփի հեղինակութեան: Ինչպէս ամէն նախագահ ան պիտի ուզէր, որ իր նշանակումները ընթանային հեզասահ կերպով:

Թրամփ շարունակելով իր անյաջող նշանակումներու շարքը, Fox հեռատեսիլի հաղորդավար Փիթ Հէկսէթը առաջադրեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին: Հէկսէթ թէեւ ծառայած է Ամերիկեան բանակէն ներս, սակայն չունի վարչական կարողութիւններ, ղեկավարելու համար աշխարհի ամենէն հզօր բանակը: Անոր անուան շուրջ եւս կան սեռային ոտնձգութեան կասկածներ: Հէկսէթի անունը կը կապուի նաեւ Իրաքեան պատերազմի ընթացքին գերիներու սպանութեան մէջ: Ծերակոյտի կողմէ Փիթ Հէկսէթի թեկնածութեան հաստատումը այժմ կասկածի տակ է:

Թրամփի կասկածելի նշանակումներու շարքին է թրքահպատակ բժիշկ Մահմէտ Օզը, որ կոչուած է ստանձնելու առողջապահութեան ոլորտը, որուն հսկողութեան տակ կը գտնուի Medicare եւ Medicaid առողջական խնամքի պետական ապահովագրութիւնը: Շատերու կարծիքով Օզ բաւարար փորձառութիւն չունի 100 միլիոնէ աւելի Ամերիկացիներ ապահովագրող այդ հսկայ կառոյցը ղեկավարելու համար:

2022-ին, Թրամփի քաջալերանքով Մահմէտ Օզ մասնակցեցաւ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն` Փենսիլվենիա նահանգէն, սակայն ան պարտութիւն կրեց Դեմոկրատ թեկնածուին դէմ:

Մահմէտ Օզ եւս խոցելի անցեալ ունեցող մէկն է: Ան իր հեռատեսիլի հաղորդումներուն ընթացքին տարիներով ծանուցած է դեղամիջոցներ, որոնք եղած են ոչ պիտանի« սակայն ինք այդ միջոցին միլիոնաւոր տոլարներու շահոյթ ապահոված է:

Մահմէտ Օզ թէեւ ծնած է Ամերիկա« սակայն իր հօր միջոցաւ ստացած է նաեւ Թուրքիոյ հպատակութիւնը ու ծառայած է անոր բանակէն ներս: Ան սերտ յարաբերութիւն ունի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Երբ ասոր վրայ աւելցնենք Թրամփի մտերիմ կապը Թուրքիոյ նախագահին հետ, Ամերիկահայութիւնը մտահոգուելու պատճառներ ունի ու պէտք է պայքարի այդ նշանակումին դէմ:

Յստակ է, որ Տանոլտ Թրամփ Սպիտակ Տուն կը վերադառնայ ոչ թէ պաշտօններու վրայ նշանակելու համար Հանրապետական կուսակցութեան կարող ու փորձառու անդամներ, այլ այդ նշանակումները կը կատարէ բացառապէս իրեն հաւատարիմ մարդոցմով շրջապտուելու համար` թէկուզ ի վնաս երկրի ընդհանուր շահերուն:

 

Գրիգոր Խոտանեան

«Մասիս»