image

Խափանուած է ռուսական օդանաւի առեւանգման՝ Ուքրանիոյ հետախուզութեան փորձը

Խափանուած է ռուսական օդանաւի առեւանգման՝ Ուքրանիոյ հետախուզութեան փորձը

Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտնած է, որ խափանած է ռուսական մարտական օդանաւեր առեւանգելու՝ Ուքրանիոյ ռազմական հետախուզութեան գործողութիւնը, որ կը վերահսկուի ՆԱԹՕ-ի երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու կողմէ։

Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոստի»ն։

«Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը բացայայտած եւ դադրեցուցած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու մարտական օդանաւերու առեւանգման գործողութիւնը, որ կը վերահսկուէր ՆԱԹՕ-ի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ», -ըսուած է անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութեան մէջ: .

«Ուքրանիոյ ռազմական հետախուզութեան աշխատակիցները, հանդէս գալով իրենց երկրի քաղաքական ղեկավարութեան անունով, փորձած են ռուս ռազմական օդաչուներ հաւաքագրել դրամական պարգեւի եւ Եւրոպական միութեան երկիրներէն մէկու քաղաքացիութիւն ստանալու երաշխիքներու դիմաց՝ համոզելով անոնց թռչիլ եւ վայրէջք կատարել Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ վերահսկուող օդակայաններուն մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Այս գործողութեան մէջ ներգրաւուած ուքրանական յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները եւ անոնց յանցակիցները պարզուած են։