image

Խաղաղութիւնը չի պարտադրուիր. Քլաարն անդրադարձած է Ատրպէյճանի սահմանային նոր սադրանքին

Խաղաղութիւնը չի պարտադրուիր. Քլաարն անդրադարձած է Ատրպէյճանի սահմանային նոր սադրանքին

Խաղաղութիւնը կարելի չէ ուժով պարտադրել։ Այս մասին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը ՝ մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած նոր միջադէպը:

28 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, որոնք ապօրինաբար կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, հերթական անգամ խախտելով հրադադարի ռեժիմը՝ օգտագործելով ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, կրակ բացած են սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հայկական կողմէն զոհուած է երեք մարդ:

«Այսօր կրկին տեղեկութիւններ եղած են երեք հայ զինուորներու սպանութեան եւ մէկ ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորման մասին։ Այս եւ շատ այլ չարդարացուած զոհեր կը սնուցեն ատելութիւնն ու անկայունութիւնը։ Անվտանգութիւնը, յիրաւի, հնարաւոր է միայն այն պարագային, եթէ սահմանները յարգուին, եւ զօրքերը իրար շատ մօտ չըլլան. խաղաղութիւնը կարելի չէ ուժով պարտադրել», - նշած է Քլաարը Twitter-ի էջին։