Ատրպէյճանական կողմը դեռ չէ արձագանգած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ հայկական կողմի նոր առաջարկներուն։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին տեղեկացուցած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։
«Իմ ունեցած տեղեկութիւններով՝ դեռեւս արձագանգ չկայ վերջին առաջարկի վերաբերեալ»,- նշած է ան։
Անդրադառնալով ապաշրջափակման հարցին՝ փոխվարչապետն ընդգծած է, որ ապաշրջափակման հարցով ընդհանուր միջավայրը պէտք է նպաստաւոր ըլլայ։
«Ինչ ապաշրջափակում, եթէ չլինի կայունութիւն ու խաղաղութիւն։ Ի վերջոյ, ապաշրջափակումն էլ է խաղաղութեան գործընթաց։ Ապաշրջափակումը կիրառական կը լինի խաղաղութեան ֆոնին»,- կարեւորած է Մհեր Գրիգորեանը։
Յիշեցնենք՝ նախորդ ամիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան նիստին յայտարարեց, որ Երեւանը Պաքուին փոխանցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի հայկական կողմի նոր առաջարկները։ Թէ ինչ առաջարկներ ներկայացուած են, առայժմ ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ալ արտաքին գերատեսչութիւնը մանրամասնած են։