image

Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կ՚օգնէ Հայաստանի ԵՄ-ին անդամակցութեան․ Անիթա Տիմիթրիու

Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կ՚օգնէ Հայաստանի ԵՄ-ին անդամակցութեան․ Անիթա Տիմիթրիու

Մենք կը սատարենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Այդ պիտի օգնէ Հայաստանի անդամակցութեան՝ Եւրոպական միութեան։ Այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուն՝ Աժ-ի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

«Կիպրոսն արդէն յիսուն տարի է կիսուած է։ Երբ կայ խաղաղութիւն՝ որեւէ երկիր կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի։ Կիպրոսն ալ է օրինակ մը, որ պէտք է ըլլայ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, եւ այդ կը մաղթենք նաեւ հայ ժողովուրդին»,-ըսած է Տիմիթրիուն։

Ան նաեւ ըսած է, որ Կիպրոսը կը սատարէ Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման գործընթացին։

«Կ՚ողջունենք եւ լիակատար կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւններու խորացման, որովհետեւ Հայաստանը պատկանում է ԵՄ-ին։ Կը վերահաստատեմ իմ ընկեր Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանին, որ մենք ամէն կերպ պիտի աջակցինք այս ընթացքին եւ այդ նախաձեռնութեան։ Մենք ձեր կողքին ենք՝ դէպի Եւրոպա ձեր ճանապարհին»,-ըսած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը։