image

Խաչվերացի տօնը Իրպիլի մէջ

Խաչվերացի տօնը Իրպիլի մէջ

Օրերս, Խաչվերացի տօնի առիթով Էրպիլի Հայ Ուղղափառ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, որմէ ետք Իրաքի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան կատարած է Անդաստանի կարգը եկեղեցւոյ բակին մէջ, ապա օրհնած այս առիթով պատրաստուած Հարիսան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

5 Սեպտեմբեր 2024-ին, Գլխաւորութեամբ՝ թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Խաչվերացի տօնին առիթով Էրպիլի Հայ Ուղղափառ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագին մասնակցեցան Էրպիլի  եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արթուն Քհնյ. Խալաթեան, Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեան եւ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս Քհնյ. Իսահակեան։

Պատարագին ներկայ եղան  Էրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Պրն. Անդրանիկ Յարութիւնեան, Էրպիլի, Տհօքի, Քէրքուկի, Զախոյի եւ Հաուրէզքի ատենապետներ եւ անդամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։

Պատարագէն ետք Սրբազան Հայրը կատարեց Անդաստանի կարգը եկեղեցւոյ բակին մէջ, ապա օրհնեց այս առիթով պատրաստուած ճաշը (Հարիսա)։