Իսրայէլի բանակը յայտարարած է Կազայի հատուածի հիւսիսին մէջ ՀԱՄԱՍ-ի կառավարման եւ սպառազինութիւններու արտադրութեան կեդրոնը հարուածելու մասին: ՑԱՀԱԼ-էն յայտնած են, որ աւելի վաղ այդ շէնքը դպրոց եղած է:
Լրատուամիջոցները յայտնած են, որ գնդակոծութեան հետեւանքով տասը պաղեստինցի զոհուած է, քանի մը հոգի՝ վիրաւորուած: Արաբական աղբիւրներու համաձայն՝ դպրոցի տարածքը պատսպարուած եղած են ռմբակոծութենէ փախած խաղաղ բնակիչներ:
Իսրայէլի բանակն իր հերթին պնդած է, որ մինչեւ բարձր ճշգրտութեան զինամթերքի հասցուցած հարուածը հետախուզութիւն իրականացուցած է քաղաքացիական անձերու վնաս պատճառելու վտանգը նուազեցնելու համար: