Յունուարի 20-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Մեսրոպ քահանայ Խունոյեանը:
Տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Տէր Մեսրոպ քահանայի կողմէն հոգեւոր ծառայութենէն հրաժարուելու խնդրագիրը:
Հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է նաեւ Հարաւային Ռուսաստանի հայոց թեմին ծառայած ու հանգստի կոչուած, ապա ընտանիքով Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած Տ. Պետրոս քահանայ Բաղրամեանը` ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմէն ներս հակականոնական գործունէութիւն ծաւալելու եւ եկեղեցականին անյարիր վարքագիծի համար:
Կարգալոյծ եկեղեցականները այսուհետ կը դասուին աշխարհականներու շարքին` Արթուր Խունոյեան եւ Արմէն Բաղրամեան աւազանի անուններով: