image

Կարեւոր ձեռքբերում Երեւանի մէջ. Հայերէն լեզուն Berlitz միջազգային ծրագրին մէջ ներգրաւուեցաւ(Լուսանկարներ)

Կարեւոր ձեռքբերում Երեւանի մէջ. Հայերէն լեզուն Berlitz միջազգային ծրագրին մէջ ներգրաւուեցաւ(Լուսանկարներ)

Կարեւոր քայլով մը հայերէն լեզուն ներգրաւուած է միջազգային համբաւ վայելող Berlitz ծրագրին մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսուհետեւ 72 երկիրներու մէջ (ուրկը գործեն 500-է աւելի կեդրոններ) ուր կը գործէ Berlitz-ը ցանկացած անհատ պիտի կարողանայ արագ մեթոտով հայերէն լեզուն (գրել եւ կարդալ) սորվիլ։

140 Տարուան փորձ եւ ճանաչում ունեցող Berlitz-ը աշխարհաճանաչ կազմակերպութիւն մըն է, որն արդէն 2 տարիէի ի վեր ունեցած է իր մասնաճիւղը Երեւանի մէջ եւ հաստատուն ու արագ քայլերով դարձած մայրաքաղաքի միջազազգային արժէչափերով գործող լեզուիմացութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մին։

Berlitz-ի Երեւանեան կեդրոնը հիմնադրած է վերջին տարիներուն հայրենադարձած Յակոբ Հրեշտակեանը, որ նոյնպէս կը վարէ կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը։

Կը շնորհաւորենք Berlitz-ի կեդրոնի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը իրենց ողջունելի քայլերուն, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուն համաշխարհային ընտանիքին մաս կազմելու կապուած անոնց ունեցած մեծ ներդրումին համար։