ՀՀ «Դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի համաձայն՝ այսօր՝ 2022 թուականի 7 հոկտեմբերին, ՀՀ Բարձրագոյն դատական խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած է գաղտնի քուէարկութիւն, որու արդիւնքներով Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրուած է Խորհուրդի նորընտիր գիտնական անդամ Կարէն Անդրէասեանը:
Այս մասին կը տեղեկանանք Բարձրագոյն դատական խորհուրդի մամուլի ծառայութենէն:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին ԱԺ-ի մէջ Կարէն Անդրէասեանն ընտրուած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ: