ԱՀԿ-ն փորձագէտներու արտակարգ խորհրդակցութիւն հրաւիրած է` քննարկելու կապիկի ծաղիկ հիւանդութեան բռնկումը: Վարակման դէպքեր արդէն յայտնաբերուած են առնուազն 10 երկիրներու մէջ:
Հիւանդութիւնը կը փոխանցուի անմիջական ֆիզիքական շփման եւ օդակաթիլային ճանապարհով եւ հիմնականին մէջ տարածուած է Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, ուր անով առաւելապէս կը վարակուին երեխաները, իսկ մահացութեան մակարդակը կը տատանի 4-22%-ի սահմաններուն մէջ: Իսկ կապիկի ծաղիկի ախտանշաններն են ջերմութիւնը, կռնակի եւ մկաններու ցաւը, դողը եւ յոգնածութիւնը: