image
Հրատապ լուրեր:

Կալանաւորուած է Ալեն Սիմոնեանի եղբօր կինը

Կալանաւորուած է  Ալեն Սիմոնեանի եղբօր կինը

ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եղբօր կինը՝ Անի Գէորգեանը, երկու ամիսով կալանաւորուած է։

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է Գէորգեանի փաստաբան Մուշեղ Ալեքսանեանը՝ նշելով, որ կալանաւորումն իրաւաչափ չէ:

«Որոշումը դեռեւս պատրաստ չի քաղուածքի տեսքով է, ստանալուն պէս անմիջապէս բողոքարկուելու է վերադաս դատարան: Բնականաբար, իրաւաչափ չենք համարում: Մեղադրւում է պաշտօնական դիրքի չարաշահմանն օժանդակելու մէջ»,-ըսած է ան:

Անի Գէորգեանը ձերբակալուած էր երէկ ուշ երեկոյեան: Անոր փաստաբան Մուշեղ Ալեքսանեանը յայտնած էր, որ պաշտպանական կողմի համոզմամբ՝ տեղի ունեցած է թիւրիմացութիւն, միջադէպը կապուած է Գէորգեանի՝ «Սիներճի» ընկերութեան մէջ աշխատանքի հետ։ Կազմակերպութիւնը համագործակցած է Տնտեսութեան նախարարութեան հետ:

Երէկ յայտնի դարձաւ, որ ուժային կառոյցները՝ Հայաստանի քննչական կոմիտէն եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, համատեղ խուզարկութիւններ կատարած են Տնտեսութեան նախարարութեան մէջ եւ բազմաթիւ անձանց հասցէներուն մէջ, ձերբակալուած է տնտեսութեան նախարարի նախկին տեղակալ Անի Իսպիրեանը, որու պաշտօնէն ազատման մասին յայտնի դարձաւ երէկ առաւօտեան: Կան նաեւ այլ ձերբակալուածներ:

Աւելի ուշ Քննչական կոմիտէն հանդէս եկաւ պարզաբանմամբ՝ կատարուածի առնչութեամբ ներկայացնելով մանրամասներ:

Հակակոռուպցիոն դատարանը բաւարարած է քննիչներու բողոքը եւ 2 ամիս ժամկէտով կալանաւորած «Սիներճի» ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Յովհաննիսեանը: