image

Կ՚ակնկալենք սերտ համագործակցութիւն Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ. Միրզոյեանը՝ Մարք Ռիւթէին

Կ՚ակնկալենք սերտ համագործակցութիւն Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ. Միրզոյեանը՝ Մարք Ռիւթէին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը շնորհաւորած է Մարք Ռիւթէն ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին նշանակուելու առթիւ։ 

Այս մասին Միրզոյեանը գրած է X-ի իր էջին։ 

«Անկեղծօրէն շնորհաւորում եմ Մարկ Ռյուտեին՝ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնում նշանակուելու առթիւ։

Ակնկալում ենք սերտ համագործակցութիւն Հայաստանի եւ ՆԱՏՕ-ի միջեւ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքների եւ ընդհանուր տեսլականի վրայ՝ ապահովելու աւելի անվտանգ եւ խաղաղ ապագայ»,- գրած է Արարատ Միրզոյեանը։ 

Յիշեցնենք, որ Մարք Ռիւթէն ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնած է հոկտեմբեր 1-էն։