Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին այցելած է Լիբանան իսրայէլեան զօրքերու կողմէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ռազմակայաններու վրայ յարձակումէն քանի մը օր անց:
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին ան դատապարտած է ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու (UNIFIL) վրայ կատարուած վերջին յարձակումները՝ ատոնք համարելով անընդունելի: Մելոնին վստահեցուցած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի ճգնաժամը ԵՄ առաջնորդներու քննարկումներու կեդրոնն է։
Կը հաղորդուի, որ առնուազն հինգ Կապոյտ սաղաւարտներ վիրաւորուած են Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով հարաւային Լիբանանի մէջ: