image

Իսրայէլը կաթուածահար. Երէկուայ ցոյցերը վերածուեցան գործադուլի

Իսրայէլը կաթուածահար. Երէկուայ ցոյցերը վերածուեցան գործադուլի

Հարիւր հազարաւոր իսրայէլացիներ բողոքի ցոյց կատարած են, երբ Կազայի հատուածին մէջ յայտնաբերուած են պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման մօտ հոկտեմբերէն ի վեր պահուող պատանդներու վեցի մարմինները։ Բախումներ տեղի ունեցած են ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ։ Տասնեակ մարդիկ բերման ենթարկուած են, կան վիրաւորներ։

Կազմակերպիչներու տուեալներով՝ Թէլ Աւիւի մէջ փողոց իջած են 300,000 մարդ, եւս 200,000-ը հաւաքուած այլ քաղաքներու մէջ։ Crowd Solutions-ի տուեալներով՝ Թէլ Աւիւի ցոյցին մասնակցած է մօտ 280,000 մարդ։ Սա վերջին 18 ամսուան ընթացքին ամենազանգուածային բողոքի ցոյցն է։

Ցուցարարները Իսրայէլի կառավարութենէն եւ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուէն պահանջած են զինադադար կնքել «Համաս»-ի հետ՝ մնացած պատանդները տուն վերադարձնելու համար, գրած է The Times of Israel։

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցած են պատանդներուն հարազատները։ Համաձայնեցուած բողոքի ցոյցէն յետոյ հազարաւոր մարդիկ գացած են Այալոն մայրուղի եւ երեք ժամով արգելափակած երթեւեկութիւնը։ Ոմանք իրեր այրած են, ցանկապատեր կանգնեցուցած ճանապարհին, քարեր ու մետաղական իրեր տեղադրած։ Ոստիկանութիւնն այս գործողութիւնն անօրինական համարած է եւ միջոցներ կիրառած ցուցարարները ցրելու համար։ Օգտագործուած են ջրցան մեքենաներ եւ լուսաձայնային նռնակներ։ Քանի մը մարդ վիրաւորուած է։ Մօտ 30 մարդ ձերբակալուած է Թէլ Աւիւի մէջ, հինգը՝ Երուսաղէմ։ Ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ այլ բնակավայրերու մէջ։

Նշենք, որ երէկ Թէլ Աւիւի մէջ  տեղի ունեցած  բողոքի  ցոյցերը   վերածուեցան  համապետական գործադուլի։  Այս առումով ալ իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ նշեցին, որ գործադուլը պիտի շարունակուի մինչեւ   երկուշաբթի  երեկոյեան  ժամերը։