image

Իսրայէլը դժգոհ է. Ռուսիոյ դեսպանը կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Իսրայէլը դժգոհ է. Ռուսիոյ դեսպանը կանչուած է Արտաքին գործոց  նախարարութիւն

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի կանչած է Ռուսիոյ դեսպանը՝ բողոքելու Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ պատերազմի ժամանակ Մոսկուայի պահուածքէն, գրած է timesofisrael.com։

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպա-Ասիայի բաժնի փոխտնօրէն Սիմոնա Հալփերինը Մոսկուայի դեսպան Անատոլի Վիքթորովին ըսած է, որ Իսրայէլը «լուրջ կը վերաբերի» այն փաստին, որ Մոսկուան յստակ եւ միանշանակ չի դատապարտեր ՀԱՄԱՍ-ը։

Սա տեղի ունեցած է այն բանէ ետք, երբ անցեալ շաբաթ Ռուսիան Մոսկուայի մէջ հիւրընկալած է  ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչները։

«ՀԱՄԱՍ-ի՝  հոկտեմբեր 7-ի ահաբեկչութեան, պատանդներու առեւանգման եւ աւելի քան 1400 իսրայէլցիներու սպանութեան համար անմիջականօրէն պատասխանատու առաջնորդները հիւրընկալելն Իսրայէլի դէմ ահաբեկչութեան օրինականութեան պատգամ կ՚ուղարկէ», -ըսած է Հալփերինը Վիքթորովին:

Անցեալ հինգշաբթի Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը բանակցութիւններ վարած էր ՀԱՄԱՍ-ի գործիչներու հետ: