Իսրայէլի Փեթահ Թիքվա քաղաքի հանրային այգին վերանուանուած է աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի անունով, դիմատետրի իր էջին յայտնած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Տ․ Աղան աբեղայ Գոգչեանը։
Նշուած է, որ հանրային այգին Շառլ Ազնաւուրի անունով վերանուանելու որոշումը միաձայն ընդունուած է Փեթահ Թիքվայի Քաղաքային խորհուրդին կողմէ՝ քաղաքապետ Ռամի Գրինպէրկի գլխաւորութեամբ:
Բացման արարողութեան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուեցան Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեան, Սուրբ Աթոռոյս Թարգման՝ Հոգեշնորհ Տ. Վազգէն Աբղ. Ալէքեան:
Այգիին մէջ բացուած յուշաքարի վրայ գրուած է հետեւեալը.
«Շառլ Ազնաւուր (1924-2018). Երգիչ, երգահան, դերասան, ֆրանսացի, համաշխարհային շանսոնիյէ, ով կեանքը նուիրած է իր ծննդավայր Հայաստանին եւ պսակուած է Ազգային հերոսի կոչումով: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ազնաւուրեան ընտանիք յաջողած է փրկել տասնեակ հրեայ ընտանիքներ բնաջնջումէ»: