Իսրայէլեան բանակը Կազայի հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍ-ի աւելի քան 200 ռազմական կառոյց թիրախաւորած է։ Զինուած ուժերու մամուլի ծառայութեան տուեալով՝ հարուածներ հասցուած են զինամթերքի պահեստներու եւ դրամատան, որ կ'օգտագործուէր ահաբեկչական գործունէութեան ֆինանսաւորման համար:
Նշուած է, որ Իսրայէլի բանակը ոչնչացուցած է նաեւ չորս զինեալ, որոնք փորձած են երկրի տարածք ներխուժել Լիբանանէն։ Կը շարունակուին օդային հարուածները Լիբանանի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի կառոյցներուն:
Հակամարտութեան սրման պատճառով զոհերու թիւը ժամառժամ կ'աճի: Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 2800, վիրաւորուած է 9700-էն աւելի մարդ, այդ շարքին՝ հարիւրաւոր երեխաներ։ Իսրայէլը յայտնած է 1500-է աւելի զոհի մասին։
ՀԱՄԱՍ-ի «Քասսամ» խմբաւորումը յայտարարած է, որ գերիներու թիւը կը հասնի 250-ի, սակայն իսրայէլեան հարուածներու պատճառով 22 գերի զոհուած է: Խմբաւորումը խոստացած է ազատել օտարերկրեայ քաղաքացիները, երբ հանգամանքները թոյլ տան։
ՀԱՄԱՍ շարժումն ալ յայտնած է, որ մտադիր է Իսրայէլի հարաւէն գերեվարուած պատանդները փոխանակել իսրայէլեան բանտերու մէջ պահուող 6 հազար պաղեստինցիի հետ։