image

Իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ. Իսրայէլի անվտանգութեան վերաբերեալ մեծ հարցումներ

Իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ. Իսրայէլի  անվտանգութեան  վերաբերեալ մեծ հարցումներ

«Իսրայէլ Հայոմ» թերթը խօսած է Իրանի յարձակումէն ետք Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի «ռազմավարական օղակի զսպման» կորուստի մասին եւ  նշած, որ Իրան կը ձգտի  նոր իրականութիւն ստեղծել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

«Իսրայէլ Հայոմ» թերթը իր զեկոյցին մէջ յայտնած է, որ «Իրանի մէկ գիշերուան յարձակումը՝ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական զսպման կորուստի  մասին  վառ յիշեցում մըն  է», այն նաեւ «հնարաւորութիւն ստեղծած է փոխելու աշխարհաքաղաքական իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»:

«Իսրայէլ Հայոմ»ը աւելցուցած է. «Իրանն իրեն ուղղակի առճակատման մէջ դրած է Իսրայէլի հետ, նոյնիսկ իրեն համար ոչ այնդքան բարենպաստ ժամանակի մը, եւ ակնյայտօրէն դէմ հանդէս եկած է «Միացեալ Նահանգներու նախագահի բացայայտ նախազգուշացման՝ որ կը զգուշացնէր անոր   նման քայլեր առնելէ»։

Պարբերականը նաեւ դիտել տուած է, որ Իրանի ներկայիս վարչակարգը «հաստատած է բարդ ռազմավարութիւն եւ անսպառ համբերութեամբ կը փորձէ ստեղծել իրականութիւն մը, ուր Իսրայէլի գոյութեան հարցականը կը դառնայ իրականութիւն եւ՝ ոչ միայն տեսութիւն»:

Ան աւելցուցած է. «Իսրայէլ պէտք է առաջնահերթութիւն տայ եւ կեդրոնացնէ ջանքերը փորձելով լծել ԱՄՆ-ն, արեւմտեան խոշոր դաշինքին հետ մէկտեղ՝ դիմակայելու համար իրանեան յարձակման, եւ ոչ միայն առաջացող միջուկային սպառնալիքին,  որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել զսպման հաւասարումը»։

Նոյն պարունակին մէջ իսրայէլեան Yedioth Ahronoth թերթը հաստատած է, որ Դամասկոսի մէջ հիւպատոսութեան թիրախաւորման իրանեան պատասխանի գիշերը «ռազմավարական ֆարս (խեղկատակութիւն)» էր Իսրայէլի համար։

Պարբերականը խօսած է «ռազմավարական ձախողման» մասին, որ կրած է Իսրայէլը՝ կատարած սպանութեան դիմաց Իրանի պատասխանէն վախի պատճառով, որու հետեւանքով ալ «Իսրայէլի երկու շաբաթ շարունակ ստրկութեան մէջ ապրեցաւ՝ կաթուածահարութեան հասցնող լարուածութեան հետեւանքով»։

Նմանապէս, Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը յայտնած է, որ «Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները չկարողացան ետ պահել Իրանը յարձակելէ», եւ «իրանցիները կրցան վնասել Իսրայէլը՝ առանց ստիպելու Ուաշինկթընին մասնակից դառնալ Թէլ Աւիւի պատասխանին»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները աւելցուցած են, որ «Իսրայէլ ենթարկուած է աննախադէպ ծանր հասարակական նուաստացման, Իսրայէլի զսպման ուժերու փլուզումէն ետք»: