image

Իսրայէլեան մամուլ. Իսրայէլի յամառութեան եւ գերիները «դագաղներու մէջ» վերադարձնելու մասին

Իսրայէլեան մամուլ. Իսրայէլի  յամառութեան եւ  գերիները «դագաղներու մէջ» վերադարձնելու մասին

Միւս կողմէ «Համաս»ի  ռազմական թեւ հանդիսացող՝ «Ըզ ալ-Տին ալ-Քասաամ» փաղանգի ներկայացուցիչ Ապու Ուպայտան հաստատած է, որ Իսրայէլ միտումնաւոր «կը խաբէ» եւ կը խուսափի բանակցութիւններէն, եւ անոր ղեկավարութիւնը խուճապի եւ շփոթութեան մէջ է։

Ապու Ուպայտա անդրադարձած է Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ  իր բանտարկեալներու նկատմամբ անտեսման, եւ դիմելով այս բանտարկեալներու ընտանիքներուն, ըսած է. «Ձեր կառավարութիւնը կը շահարկէ ձեր երեխաները եւ կը յամառի  զանոնք  վերադարձնել դագաղներու մէջ»:

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը

Maariv թերթը, յղում ընելով  իսրայէլեան աղբիւրներու, հաստատած է, որ իսրայէլեան «յամառութիւն»  մը կայ Գահիրէի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան հետ բանակցութիւններուն, եւ փոխանակման գործարքի նկատմամբ «Համաս»ի հետաքրքրութեան բացակայութեան մասին խօսքերը ճիշդ չեն:

Իսրայէլեան Maariv թերթը, վկայակոչելով  իր  աղբիւրները, հաստատած է, որ Գահիրէի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան հետ բանակցութիւններուն կը ցուցաբերուի իսրայէլեան յամառութիւն։

«Այն, ինչ «Մոսատ»ը կը փորձէ քարոզել  «Համաս»-ի՝ փոխանակման գործարքի նկատմամբ անհետաքրքրութեան մասին, ճիշդ չէ», եւ եթէ կայ մէկը, որ հիմա համարութիւն կը ցուցաբերէ բանակցութիւններուն, այդ իսրայէլեան կողմն է։

Maariv-ը նաեւ յայտնած է,որ «Ժամանակը կ՚անցնի, եւ շուտով բանակցութիւններ սկսիլը անիմաստ պիտի դառնայ, քանի որ պատանդներ  պիտի «չմնան»»:

Բանակցութիւններու վերջին փուլի ձախողումէն ետք իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ իսրայէլեան բանակը երկրի ղեկավարութենէն խնդրած է ընդլայնել բանակցութիւնները եւ աւելի ճկունութիւն ցուցաբերել գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն  առընթեր։

Սակայն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, անվտանգութեան խումբ մը ղեկավարներու հետ միասին, այդ շարքին՝ «Մոսատ»ի եւ «Շապաք»ի (Իսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան մարմինը) ղեկավարներու հետ, մերժած է այս խնդրանքը։

«Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի անդամն ըսած է, որ շարժման պատուիրակութիւնը լքած է Գահիրէն 3 օր տեւած բանակցութիւններէ ետք եւ ընդգծած, որ «բանակցութիւններու տապալման պատճառը Նաթանիահուի՝ իր դիրքորոշուման մէջ յամառութիւնն է եւ  ձեռնածութեան  փորձը՝  աւելի շատ ժամանակ շահելու համար։

 Միւս կողմէ «Համաս»ի  ռազմական թեւ հանդիսացող՝ «Ըզ ալ-Տին ալ-Քասաամ» փաղանգի ներկայացուցիչ Ապու Ուպայտան հաստատած է, որ Իսրայէլ միտումնաւոր «կը խաբէ» եւ կը խուսափի բանակցութիւններէն, եւ անոր ղեկավարութիւնը խուճապի եւ շփոթութեան մէջ է։

Ապու Ուպայտա անդրադարձած է Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ  իր բանտարկեալներու նկատմամբ անտեսման, եւ դիմելով այս բանտարկեալներու ընտանիքներուն, ըսած է. «Ձեր կառավարութիւնը կը շահարկէ ձեր երեխաները եւ կը յամառի  զանոնք  վերադարձնել դագաղներու մէջ»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Կազայի հատուածին մէջ գտնուող շարք մը իսրայէլացի գերիներ արդէն կը տառապին ջրազրկումէ եւ հիւծումէ, որ վտանգի տակ կը դնէ անոնց կեանքը, եւ  անոնք  միաժամանակ կ՚ենթարկուին իսրայէլեան բանակի կողմէ ռմբակոծութեան։

Ապու Ուպայտա Կազայի դէմ յարձակման 154-րդ օրը իր տեսաձայնային ելոյթին մէջ բացատրած է, որ գերիներու փոխանակման հարցը աւարտին հասցնելու համար դիմադրութեան առաջնահերթ պահանջներն են՝  պատերազմի դադրեցումը եւ Իսրայէլեան ուժերու Կազայէն լիակատար դուրսբերումը։