image

Իսրայէլեան հարուած Սուրիոյ մէջ ռատարներուն եւ հակաօդային կայանքներուն

Իսրայէլեան հարուած Սուրիոյ մէջ ռատարներուն եւ հակաօդային կայանքներուն

Երէկ գիշեր իսրայէլեան զինուժը հարուածած է Սուրիոյ մէջ տեղակայուած տեղորոշիչ կայաններուն եւ հակաօդային կայանքներուն` ի պատասխան Իսրայէլի ուղղութեամբ զենիթահրթիռային արձակման: 

Իսրայէլեան բանակի մամուլի ծառայութենէն նշած են, որ «Սուրիոյ տարածքէն զենիթային հրթիռ արձակուած է, որ պայթած է Իսրայէլի օդային տարածքին մէջ»: Արդիւնքով, ըստ զինուորականներու, «օդային ռմբակոծման ազդանշաններ հնչած են իսրայէլեան Ում Ֆահմ քաղաքին մէջ եւ Արեւմտեան ափի հիւսիսը»:

Սուրիական SANA լրատուական գործակալութիւնն ալ յայտնած է, որ մէկ սուրիացի զինուոր զոհուած է, եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են Դամասկոսի ուղղութեամբ իսրայէլեան օդային հարուածներուն հետեւանքով: Յարձակման ի պատասխան` սուրիական ՀՕՊ համակարգերը կրակ բացած են մայրաքաղաքի օդային թիրախներուն ուղղութեամբ: