Հըզպալլա երէկ շարունակեց հրթիռակոծել իսրայէլեան ուժերու հաւաքուած վայրերը, ռազմակայաններն ու իսրայէլեան բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ դէմ դնել իսրայէլեան ցամաքային ուժերու ներթափանցման փորձերուն:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց. «Հըզպալլան սահմանագիծին վրայ միայն հարիւրաւոր մարտիկներով կը կռուի եւ աւելի մեծ ուժեր ետեւի գիծերուն վրայ կը պահէ` երկարատեւ ճակատամարտի համար»:
Հըզպալլան երէկ ժամը 12:30-ին հրթիռակոծեց Սաֆատի արեւելքը Ռոշ Պինայի մէջ գտնուող «Ֆիլոն» ռազմակայանը, ժամը 1:05-ին հրթիռակոծեց Ըտէյսէ գիւղի արեւմուտքը գտնուող Հունին հովիտին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Ժամը 1:00-ին հրթիռակոծեց Միսքաֆ Ամի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը եւ անկէ քանի մը վայրկեան առաջ Մաալիէ Կոլանի զօրանոցին մէջ հաւաքուած ուժերը:
Կուսակցութիւնը նաեւ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Ատմիթ եւ Շլոմի բնակեցման վայրերուն մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Հըզպալլա երէկ առաւօտեան ժամը 1:00-ին անջատ գործողութիւններով հրթիռակոծեց Եաֆթահի եւ Քացրինի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի հիւսիսին մէջ Հըզպալլայի` Սաֆատի եւ Ռոշ Պինայի ուղղութեամբ արձակած հրթիռներուն հետեւանքով բազմաթիւ հրդեհներ յառաջացած են` աւելցնելով, որ բնակեցուածները նախապէս այդ շրջաններէն չէին հեռացուած:
Ըստ այդ լրատուամիջոցներուն, հրթիռ մը ինկած է «թիւ 90 ճամբուն» վրայ, իսկ Ֆլիթ բնակեցման վայրի ճամբուն վրայ թիրախ մը ուղղակի հարուած ստացած է: Անոնք նշեցին, որ Ռոշ Պինա բնակեցման վայրին վրայ հրթիռներ ինկած են:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին 7 յարձակումներ գործեց Նապաթիէի Քասար Զաաթար թաղին վրայ, ինչպէս նաեւ բուռն յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը Սուրի գաւառի Սրիֆա գիւղին մէջ հարուածեց տուն մը, այդ պատճառով ալ 3 քաղաքայիններ զոհուեցան, ինչպէս նաեւ նոյն գաւառի Պըրժ Ռահհալ գիւղին մէջ տուն մը: Վերջինիս պատճառով 2 քաղաքայիններ զոհուեցան եւ ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Իսրայէլեան բանակը շարք մը յարձակումներ գործեց գիւղի մերձակայքին վրայ` հսկայական վնասներ պատճառելով քաղաքայիններու սեփականութիւններուն եւ ագարակներուն: Իսրայէլ նաեւ օդային յարձակումներ գործեց Սուրի Մաարուպ, Սամմաիյէ եւ Տէյր Քանուն Ռասուլ Այն գիւղերուն վրայ:
Իսրայէլ նաեւ յարձակում գործեց Սուր քաղաքի ժողովրդային տուներու շրջանին վրայ:
Պընթ Ժպէյլ գաւառին մէջ տունի մը վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով երկու քաղաքայիններ զոհուեցան:
Իսրայէլ նախանցեալ օր օդային յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ շաբաթ առաւօտեան «Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի հետախուզութեան սպայակոյտի կեդրոնատեղիին վրայ յարձակում գործեցինք»:
Լիբանանեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը Այն Ըպըլ-Հանին ճամբուն վրայ լիբանանեան բանակի մէկ մեքենային վրայ գործած է յարձակում մը, որուն հետեւանքով 3 զինուորներ նահատակուած են:
Նշենք, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը շաբաթ օր Ճիւնիի ճամբուն վրայ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: «Իմամ Խումէյնի» կեդրոնը աւելի ուշ գուժեց Մաասումա Քարպասչիի եւ անոր ամուսինին` լիբանանցի Ռիտա Ապպաս Աուատայի սպանութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Իրանի քաղաքացի Մաասումա Քարպասչիի եւ անոր լիբանանցի ամուսին Ռիտա Աուատայի ահաբեկման Իսրայէլի ոճիրը»:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն