image

Իսրայէլ Կազայի մէջ ոչնչացուցած է «Իսլամական ճիհատի» բոլոր ղեկավարները. Նեթանիահու

Իսրայէլ Կազայի մէջ ոչնչացուցած է «Իսլամական ճիհատի» բոլոր ղեկավարները. Նեթանիահու

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ուժերը ոչնչացուցած են Կազայի հատուածին մէջ «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորման բոլոր ղեկավարները: Այդ մասին Իսրայէլի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն:

«Մենք ոչնչացուցած ենք տասնեակ ահաբեկիչներ, ոչնչացուցած ենք «Ճիհատի» 17 շտաբ, հրթիռներու պահեստներ, հակաթանկային հաշուարկներ եւ շատ այլ բաներ»,-յայտարարած է Նաթանիահուն, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է բանակի հրամանատարներուն եւ մարտիկներուն, անվտանգութեան ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի քաղաքացիներուն «ցուցաբերած տոկունութեան» համար:

Կազայի հատուածի տարածքին մէջ «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորման հրամանատարութիւնն ու ենթակառուցուածքները ոչնչացնելու իսրայէլեան բանակի «Վահան եւ նետ» ռազմական գործողութիւնը սկսած էր մայիս 9-ի գիշերը: Այդ ընթացքին Իսրայէլի ուղղութեամբ մօտ հազար հրթիռ արձակուած է։ Այդ յարձակումներու հետեւանքով բնակելի տուներու ուղղութեամբ հարուածներ գրանցուած են, որու հետեւանքով մէկ իսրայէլցի մահացած է, եւս մի քանի մարդ տուժած են:

Իսրայէլն ի պատասխան անկլաւի մէջ գրոհած է խմբաւորման քանի մը հարիւր թիրախներու վրայ։ Վերջին տուեալներով՝ իսրայէլեան գնդակոծութիւններու հետեւանքով զոհուած է 33 պաղեստինցի, այդ շարքին՝ «Իսլամական ճիհատ»ի քանի մը բարձրաստիճան հրամանատարներ: