image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ հարուածներ տուած է Կազայի մէջ գտնուող դպրոցի մը. Կան տասնեակ զոհեր

Իսրայէլ հարուածներ տուած է Կազայի մէջ գտնուող դպրոցի մը. Կան տասնեակ զոհեր

Կազայի դպրոցներէն մէկուն մէջ Իսրայէլի հասցուցած հարուածներու հետեւանքով աւելի քան 20 մարդ զոհուած է, կան տասնեակ վիրաւորներ։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ Al Jazeera հեռուստաալիքին յղումով։

Al-Qahira ai-Ihbariya հեռուստաալիքն իր հերթին յայտնած է առնուազն 50 տուժածի մասին։

Նշուած է, որ դպրոցի շէնքին մէջ գտնուած են հարիւրաւոր պաղեստինցիներ, որոնք ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան վերջին սրման հետեւանքով։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ յարձակման ենթարկուած է Կազա քաղաքի հիւսիսը գտնուող ալ-Սաֆթավի շրջանի դպրոցներէն մէկը։ Ռմբակոծութեան հետեւանքով աւերուած է քանի մը դասասենեակ, որոնք պաղեստինցիները կ՚օգտագործէին որպէս ապաստարան իսրայէլեան օդուժի յարձակումներէն պաշտպանուելու համար։