Իսրայէլեան բանակը յարձակած է սուրիական Լաթաքիա քաղաքի ծայրամասերու վրայ։ Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ պետական հեռուստատեսութիւնը։
«Լաթաքիոյ մուտքի մօտ իսրայէլեան յարձակումը յանգեցուցած է հրդեհներու, որոնք կը մարեն հրշէջ ջոկատները»,- յայտնած է Սուրիոյ պետական հեռուստատեսութիւնը:
Շարք մը հեռուստաալիքներ, այդ շարքին՝ «Ալ Հատաս»-ը, պնդած են, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հարուածը եղած է զինամթերքի պահեստներուն, ինչէն ալ առաջացած է հրդեհը։
Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հոկտեմբեր 8-ին օդային հարուած հասցուցած էին Դամասկոսի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող բազմայարկ շէնքին։
Հոկտեմբերի սկիզբը տեղեկութիւն յայտնուած էր առ այն, որ հրէական պետութիւնը կրնայ ցամաքային գործողութիւն սկսիլ Սուրիոյ մէջ։