Իսրայէլի նախկին պաշտպանութեան նախարար, ներկայիս պատերազմական կառավարութեան անդամ Պենի Կանցը յայտարարած է, որ Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ շարունակուող պատերազմը հաւանաբար ամիսներ կը տեւէ եւ կրնայ ներառել նաեւ հիւսիսային ճակատը: Այս մասին գրած է Times of Israel-ը:
«Այն երկար ժամանակ կը պահանջէ։ Պատերազմը հարաւի մէջ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հիւսիսի կամ որեւէ այլ վայրի մէջ, կրնայ ամիսներ տեւել, իսկ վերակառուցումը տարիներ կը տեւէ:Միայն այն ժամանակ, երբ վերակառուցումն աւարտի, մենք կը յաղթենք», -ըսած է Կանցը:
«Մեր նպատակը ոչ միայն ՀԱՄԱՍ-ին յաղթելն է, այլ խոստանալը, որ հարաւը 100%-ով դրախտ պիտի ըլլայ»,- աւելցուցած է ան։