Իսրայէլը եւ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները վերջին շաբաթներու ընթացքին ոչ հրապարակային ուղղակի բանակցութիւններու քանի մը փուլ կազմակերպած են՝ նպատակ ունենալով կարգաւորել իրավիճակը երկու երկիրներու միջեւ, կը գրէ Financial Times-ը՝ վկայակոչելով անանուն արեւմտեան դիւանագէտներ եւ սուրիացի պաշտօնեայ մը։
«Սա միայն սկիզբն է։ Բանակցութիւններու հիմնական նպատակը բռնութիւններու բռնկումին կանխումը եւ Իսրայէլը Սուրիոյ սահմանային գօտիէն դուրս բերելը եղած է»,– ըսած է թերթին աղբիւրներէն մէկը։
Արեւմտեան եւ արաբական երկիրներու դիւանագէտները նշած են, որ Իսրայէլը եւ Սուրիան նախապէս անուղղակի բանակցութիւններ վարած են ԱՄԷ-ի միջնորդութեամբ։
Աղբիւրները նաեւ պնդած են, որ Իսրայէլը փորձած է համոզել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ չհանելու Սուրիոյ դէմ դրուած պատժամիջոցները, որպէսզի պահուի ճնշման այդ լծակը Սուրիոյ ղեկավարութեան վրայ։
Սակայն Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարըհի մայիսեան հանդիպումը ցոյց տուած է ԱՄՆ-ի մտադրութիւնները Սուրիոյ նկատմամբ եւ ստիպած է Իսրայէլը աւելի շուտ գործել նոյն ոգիով, ըսած է արեւմտեան դիւանագէտ մը պարբերականին։
Սուրիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը մերժած են մեկնաբանել Financial Times-ի հրապարակումը։