ՀԱՄԱՍ-ը մերժած է Կազայի հատուածին մէջ մէկշաբաթեայ հրադադար հաստատելու Իսրայէլի առաջարկը՝ 40 պատանդի, այդ շարքին՝ բոլոր կանանց եւ երեխաներու ազատ արձակման դիմաց, գրած է Wall Street Journal-ը:
Վկայակոչելով եգիպտացի պաշտօնեաները՝ Wall Street Journal-ը հաղորդած է, որ մերժուած առաջարկի համաձայն՝ ՀԱՄԱՍ-ը պէտք է ազատ արձակէր նաեւ տարեց պատանդները, որոնք շտապ բժշկական օգնութեան կարիք ունին: Ատոր դիմաց Իսրայէլը մէկ շաբաթով պիտի դադրեցնէր օդային եւ ցամաքային գործողութիւնները Կազայի մէջ եւ թոյլ պիտի տար աւելցնել մարդասիրական օգնութեան ներհոսքը դէպի անկլաւ:
Սակայն ՀԱՄԱՍ-ը եւ Պաղեստինեան Իսլամական ճիհատն ըսած են եգիպտացի միջնորդներուն, որ Իսրայէլը պէտք է դադրեցնէ իր յարձակումը Կազայի մէջ, նախքան որեւէ հնարաւոր գործարքի քննարկումը:
Բացի այդ, «Իսլամական ճիհատ»ը Իսրայէլէն պահանջած է ազատ արձակել բոլոր պաղեստինցի բանտարկեալները, որ իրենք իրենց հերթին ազատ արձակեն մնացած բոլոր պատանդները, որոնց թիւը կը գնահատուի մօտ 100: Սակայն Իսրայէլը յայտարարած է, որ պիտի չդադրեցնէ իր ռազմական արշաւը, եւ որ այս պայմանը բանակցութիւններու սկիզբ չէ:
ՀԱՄԱՍ-ի առաջնորդները հրապարակայնօրէն յայտարարած են, որ իրենք պիտի ազատեն պատանդները միայն մշտական հրադադարի դիմաց: