image

Իրաւամբ Սրբալոյս Միւռոն.

Իրաւամբ  Սրբալոյս Միւռոն.

 Սագօ Արեան լրագրողի  էջէն կը կարդանք՝ 

Բարեկամներս,  ես ալ ձեր նման  շատերու պէս  ուշի-ուշով երէկ հետեւեցայ  Անթիլիասի  Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Միռոնօրհնէքի  սրբագին  արարողութեան։

  Արարողութիւնը  ինքնին մեր եկեղեցւոյ    դարաւոր պատմութեան եւ նուիրականութեան  արգասիքն է, իսկ ամենակարեւորը անշուշտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  գահակալ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա. Վեհափառ  Հայրապետի  պատգամն էր, որուն մէջ  ալ կարմիր թելի պէս   մեզի  կը հասնէր մէկ    ադամանդակուռ խօսք ՝ որն է  Միութիւնը եւ  Հզօրութիւնը  Հայաստանեայց Առաքելական  Եկեղեցւոյ։

 Տարբեր առիթներով, տարբեր   մակարդակի  գրողներ, լրագրողներ,  հրապարակախօսներ  այս թեմային մասին  գրիչ են շարժած։ Մտահոգուած են,  յոյսեր կապած են, միութեան, մէկութեան մասին  խօսած են,  յաճախ  չարացած են, չարակամած են, սակայն միեւնոյնն   է, չեն կարողացած  զգալ  եւ խորքային  հայացքով դիտել ու ապրիլ մանաւանդ այդ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ  գաղափարը։ 

 Այսօր  այդ երախտիքը  տեսնելու եւ արձագանգելու իրական պահն է. եւ իրաւամբ երբ  քանի-քանի կտորներու բաժնուած է մեր ժողովուրդը ՝ աստ եւ անդ Եկեղեցին  այն բարձր առաքելականութիւնը  ունեցաւ   մնալով մէկ ու անբասիր։  Այդ կը պարտինք մեր երկու հայրապետներուն՝  Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ.   Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառի  խոհուն մօտեցումներուն, քայլերուն, ի վերջոյ խօսքին ու գործին։

  Ինչ ալ ըլլան հանգամանքներ Եկեղեցին էր երէկ ու պիտի շարունակէ մնալ  առ յաւէտ մեր ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ իրական խարիսխը,  ըլլայ  այն Արարատեան Դաշտի  բացատներէն  դէպի երկինք  բարձրացող   խունկով ու աղօթքով,  ըլլայ  այն Միջերկրականեան կապոյտ  ջուրերէն  դէպի  երկինք  սլացող կամ թէ Երուսաղէմի Սիոն Լերան  դիմացէն    մեզի հայող  Սուրբ Խաչով կամ թէ  Իսթանպուլի   խորքերուն մէջ  ծուարած  ու  մեզի յոյսի   ապաւէն ու պատուհան  դարձած Կոստանդնուպոլսոյ  նուիրական  Սուրբ Աթոռով։ 

 Մեր եկեղեցին մէկ է, արժանին ըլլանք  այդ Եկեղեցւոյ զաւակները  կոչուելու  իսկական  եւ նուիրական կոչումին։

 (Լուսանկարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսի  գլխաւորութեամբ ինծի համար    շատ սիրելի   եպիսկոպոս   Հայրեր, աշխարհի  չորս ծագերէն  Անթիլիաս  ժամանած, կը  կատարեն     Միւռոնօրհնութեան սրբազան  արարողութիւնը. Լուսանկարը իմ լաւ ընկերոջ ՝ Ալեքս Կիւրինլեանին (Սթիւտիո Ալեքս)