image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Իրաւաբան Անահիտ Օշականի մեծարումը

 Լոս Անճըլըսի մէջ. Իրաւաբան Անահիտ Օշականի մեծարումը

 Օրերս  Լոս Անճըլըսի մէջ  կայացած  եւ գործարար կանանց իրագործումներու եւ մեծարումներու նուիրուած  միջոցառման ընթացքին    արժանի  մրցանակ մը տրուած է հայազգի իրաւաբան, Հայ Դատի նուիրեալներէն՝  Անահիտ Օշականին։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ   Լոս  Անճըլըսի մեր պաշտօնակից՝  «Ասպարէզ»էն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքի գործարար կանանց իրագործումներու եւ մեծարումներու նուիրուած ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող տարեկան ձեռնարկը իրականացաւ Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերին: Ձեռնարկին ընթացքին իրաւաբանութեան մարզին մէջ հեղինակաւոր մրցանակը յանձնուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Անահիտ Օշականին։

Ծերակուտական Փորթանթինօ դրուատեց Օշականի նուիրումը թէ՛ իրաւաբանական ասպարէզին եւ թէ համայնքային զանազան աշխատանքներուն։

Այս 8րդ տարին է, որ Օշական Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ է եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ տեղական եւ շրջանային շարք մը աշխատանքներու, յատկանշական ներդրում ունենալով յատկապէս Կրթական հարցերու յանձնախումբի գործունէութեան մէջ, յառաջ մղելով Հայեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման եւ հանրային վարժարաններու մէջ հայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը աւելի ազդու դարձնելու ջանքերը։

Համայնքին մէջ Հայ Դատը ջատագովելու կողքին, Օշական նաեւ մաս կազմած է Կլենտէյլի Գրադարանի հիմնարկութեան։  Ան 2009ին մեծարուած էր նաեւ Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակին կողմէ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհաւորեց Օշականը՝ վերոնշեալ մեծարումին աւելի քան արժանի նկատելով զայն՝ աւելցնելով, որ ան կը մարմնաւորէ արդարութեան ջատագովի տիպարը, ըլլալով թէ՛ Հայ Դատի եւ թէ ամբողջ համայնքին իրաւունքներուն պաշտպանը։

Օշական շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար։

Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն