Իրաք. Երիտասարդ Youtuber-ի անձնասպանութիւնը ցնցած է երկիրը:
Օրերս իր կեանքին վերջ դրած է իրաքցի ժողովրդական երգիչ նաեւ եութուպըր՝ Համուտի Ալ Մաուլան:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ VDL կայանէն:
Աղբիւրը նշած է, թէ Համուտիի անձնասպանութիւնը ամէնէն վերջին պարագան է անձնասպանական դէպքերու շարքին, որ մտահոգիչ երեւոյթ դարձած է Իրաքի Ալ Նասիրիէի քաղաքին մէջ:
Իր հերթին երգիչի ընկերը Ալի Ալսաիտի ըսած է թէ «Ան անձնասպան եղաւ հոգեկան ծանր վիճակի ի արդիւնք»: Ըստ իրաքեան «Շաֆաք» լրատուամիջոցին, ան անձնասպան եղած է, որովհետեւ իր սիրած աղջիկը ուրիշի հետ ամուսնացած է:
Ի դէպ, 18-ամեայ Ալ Մաուլան յայտնի դարձած էր իր զուարճալի տեսանիւթերով, զորս կը հրապարակէր Եութուպի ալիքով: Ան առանց երաժշտութեան ընկերակցութեան կ'երգէր ու կ'եզրափակէր երգը խնդուքով մը: Ան այնքան ճանաչում ունցած էր, որ բրիտանական BBC կայանը իր մասին ծրագիր պատրաստած է։
Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ անձնասպանութեան փորձերը աճի մէջ են իրաքեան Ալ Նասիրիէ քաղաքին մէջ: Ոստիկանութիւնը արձանգրած է միայն այս Նոյեմբերին 10-12 դէպք:
Միւս կողմէ, ընկերաբան փորձագէտ Ռաշատ Մուհամմէտ մեկնաբանած է, թէ անձնասպանութեան երեւոյթը, որ ընդհանրացած է ոչ միայն այս քաղաքին մէջ, այլ ամբոջ Իրաքի մէջ շատ մտահոգիչ սկսած է դառնալ։
Նշուած է, որ 2020-ին անձնասպանութեամբ արձանագրուած մահերու դէպքերը կազմած են 644 դէպք: Բայց ըստ փորձագէտին այդ թիւը իրականութեան մէջ տարբեր է, որովհետեւ դէպքեր կան որ չեն արձանագրուիր որպէս անձնասպանութիւ, խուսափելու ընկերային ամօթէ:
Փորձագէտը անդրադառնալով իրաքեան իշխանութիւններու աշխատանքներուն, անձնասպանութեան երեւոյթին առաջքը առնելու ծիրէն ներս, ըսած է թէ այդ աշխատանքները անբաւարար են: ««Աձնասպան մի ըլլար», թերթիկներ տարածելը գործնական լուծում չէ այսպիսի բարդ երեւոյթի մը, ուր տնտեսական, ընկերային, հոգեկան գործօնները միասնաբար մեծ ազդեցութիւն ունին, եւ լուծումը կը կայանայ նախ այդ գործօնները լուծելու մէջ», եզրափակած է փորձագէտը: