image

Իրանը «օձի գլուխն» է, առանց Իրանի չկա՛յ «Համաս», չկա՛ն հուսիներ, չկա՛ «Հըզպալլա». Իսրայէլի ԱԳ նախարար

Իրանը «օձի գլուխն» է, առանց Իրանի չկա՛յ «Համաս», չկա՛ն հուսիներ, չկա՛ «Հըզպալլա». Իսրայէլի ԱԳ նախարար

Եթէ Իրան իր տարածքէն յարձակի Իսրայէլի տարածքի վրայ, Իսրայէլ պիտի պատասխանէ Իրանի տարածքին մէջ։ Նման յայտարարութիւն ըրած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը Kan ռատիոյին տուած հարցազրոյցին։

«Եթէ Իրան Իսրայէլի վրայ յարձակի իր տարածքէն, Իսրայէլը պիտի պատասխանէ Իրանի տարածքին մէջ, քանի որ Իսրայէլը, իր քաղաքացիներու հանդէպ պատասխանատւութեան պատճառով, չի կրնար իրեն թոյլ տալ հանդուրժել նման տեսակի յարձակումներ»,-ըսած է Կաց:

Իսրայէլի ԱԳՆ ղեկավարի խօսքով՝ «Իրանը օձի գլուխն է»։

«Առանց Իրանի չկայ «Համաս», չկան հուսիներ, չկայ «Հըզպալլա»»,- աւելցուցած է ան։

Իսրայէլ նաեւ կը կարծէ, որ Իրանի հնարաւոր հարուածը ուղղուած պիտի ըլլայ ռազմական կամ ռազմավարական թիրախներուն, այլ ոչ թէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն, նշած է հրատարակութիւնը։

Իսրայէլեան կողմը հնարաւոր յարձակման կը պատրաստուի ինչպէս տարածաշրջանի մէջ գտնուող իրանեան ներկայացուցչութիւններէն որեւէ մէկու, այնպէս ալ Իրանի կողմէ՝ չբացառելով յարձակման հնարաւորութիւնը միաժամանակ քանի մը ուղղութենէ, նշած է The Times of Israel-ը։