image

Իրանը այլ երկիր զօրք մտցնել չ'ուզեր․ դեսպան Ճալալի

Իրանը այլ երկիր զօրք մտցնել չ'ուզեր․ դեսպան Ճալալի

Իրան չ'ուզեր իր զօրքն այլ երկիր մտցնել․ Լիբանանն ու «Հըզպալլա» շարժումն ի վիճակի են իրենք իրենց ինքնուրոյնաբար պաշտպանելու․ Լիբանանը մեծ փորձ ունի՝ հաշուի առնելով նախորդ պատերազմները, «Ռոսիա 24»-ի հետ հարցազրոյցին նշած է Ռուսիոյ մօտ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալի։

Ան Իսրայէլին ուղղուած իրանական հարուածները յաջող համարած է, իսկ Իսրայէլեան հակահրթիռային «երկաթէ գմբեթը»՝ «ձախողած»։ Ճալալի համոզում յայտնած է, որ ցամաքային գործողութիւններուն Իսրայէլ երբեք չի յաղթեր։