Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են շարք մը հարցեր, ընդ որում՝ տարածաշրջանային:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ապտըլ Լահեան վերահաստատած է Իրանի քաղաքականութիւնը՝ աջակցիլ հարեւան երկիրներու անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ կանխել թշնամական դաւադրութիւնները, որոնք միտուած են խաթարել հարեւաններու միջեւ յարաբերութիւնները: