Իրանի մէջ 3-րդ օրն է՝ չեն յաջողիր մարել հարաւի մէջ գտնուող Պանտար Ապպաս քաղաքի Շահիտ Ռաճայի նաւահանգիստին մէջ հզօր պայթումէն առաջացած խոշոր հրդեհը, յայտնած է Mehr գործակալութիւնը:
Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի «Իլեուշին» օդանաւը իւրաքանչիւր թռիչքի ընթացքին մօտ 40 թոն ջուր եւ հրդեհաշիջող նիւթեր կը նետէ կրակի վրայ:
Յիշեցնենք, որ պայթումի եւ հրդեհի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 46-ի: Այս մասին հաղորդած է Mehr գործակալութիւնը։ Ըստ նահանգի ճգնաժամերու կառավարման կեդրոնի ընդհանուր տնօրրնի՝ եւս 1072 մարդ վիրաւորուած է, որոնցմէ 138-ը դեռ կը գտնուին հիւանդանոցը։
«Միջադէպը տեղի ունեցած է Շահիտ Ռաճայի նաւահանգիստի տարածքին մէջ պահուող քանի մը բեռնարկղերու պայթումի հետեւանքով», - BBC-ի հաղորդմամբ՝ պետական հեռուստատեսութեան յայտնած է ճգնաժամային կառավարման տեղական պաշտօնեան:
Իրանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը Հորմոզկան նահանգին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է՝ մարդոց խնդրելով մնալ տունը, փակ պահել պատուհանները եւ կրել դիմակներ։
Պաշտօնապէս երկրի իշխանութիւնները չեն ըսեր, թէ ինչ եղած է պայթած բեռնարկղերուն մէջ։ Սակայն New York Times-ի՝ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հետ կապ ունեցող աղբիւրը յայտնած է, որ նաւահանգիստին մէջ նաթրիումի պերքլորաթով բեռնարկղեր պայթած են: Այս նիւթը կ՚օգտագործուի պինդ հրթիռային վառելիք արտադրելու համար։