image

Իրանի կամ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ չկայ վայր մը, որ հասանելի չէ Իսրայէլի երկար բազուկին համար. Նեթանիահու

Իրանի կամ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ չկայ վայր մը, որ հասանելի չէ Իսրայէլի երկար բազուկին համար. Նեթանիահու

Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման ղեկավար Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը պիտի վերափոխէ Մերձաւոր Արեւելքի ուժային կառոյցները, յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն՝ զգուշացնելով Իրանը, որ Իսրայէլի բանակը կրնայ տարածաշրջանին մէջ հարուածել իրեն անհրաժեշտ որեւէ վայր: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

Ելոյթ ունենալով Երուսաղէմէն՝ Նաթանիահուն ըսած է, որ Իսրայէլի կողմէ Նասրալլայի թիրախաւորումը անհրաժեշտ էր Իսրայէլի պատերազմական նպատակներուն հասնելու համար՝ այն է՝ երկրի հիւսիսային հատուածի բնակիչներուն, որոնք տեղահանուած են «Հըզպալլա»-ի կողմէ բուռն հրթիռակոծութեան հետեւանքով, թույլ տալ ապահով վերադառնալ տուն:

«Նասրալլան հերթական ահաբեկիչը չէր. ան ինքնին ահաբեկիչ էր: Նասրալլայի վերացումն էական պայման էր մեր առջեւ դրուած նպատակներուն հասնելու համար՝ հիւսիսի բնակիչները անվտանգ վերադարձնել իրենց տուները եւ փոխել ուժերու հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Անոնք, որոնք կը հարուածեն մեզ, պէտք է գիտնան, որ մենք ալ պիտի հարուածենք անոնց: Իրանի կամ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ չկայ վայր մը, որ հասանելի չէ Իսրայէլի երկար բազուկի համար, եւ այսօր դուք գիտէք, թէ որքանով ճիշդ է այդ»,-ըսած է Նաթանիահուն։

Ըստ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի, ռազմաօդային ուժերու կործանիչները վերջին շաբթուան ընթացքին աւելի քան 3,500 ռազմամթերք նետած են «Հըզպալլա»-ի կառոյցներուն վրայ: