image

Իրան պատրաստ է կոշտ պատասխան տալու

Իրան պատրաստ է կոշտ պատասխան տալու

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրաբաժնի (ԻՅՊԶ) օդուժի հրամանատար Սարտար Ամիր Ալի Հաճիզատէն յայտնած է, որ կոշտ պիտի պատասխանեն որեւէ կարգի կամ խումբի կողմէ Իրանի դէմ ուղղուած որեւէ արկածախնդիր քայլի: 

Սարդար Ամիր Ալի Հաճիզատէն, ԻՅՊԶ-ի օդուժի օդատիեզերական ցուցահանդէս այցելած օտարերկրեայ դեսպանատուներու ռազմական կցորդներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ ԱՄՆ չի կրնար դիմակայել Իրանի, Չինաստանի, Ռուսաստանի եւ աշխարհի ազատ երկիրներուն եւ կը քայքայուի ներսէն:

«Իրանի դէմ ուղղուած ԱՄՆ-ի տնտեսական պատժամիջոցները կը խոչընդոտեն որոշ հիւանդութիւններու բուժման համար անհրաժեշտ դեղերուն Իրանի հասանելիութեան», ըսած է ան։

ԻՅՊԶ-ի օդուժի  հրամանատարը յաւելած է, որ այսօր բոլորին համար պարզ է, որ եթէ չըլլար զօրավար Սուլէյմանիի պայքարը, բացի տարածաշրջանին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութենէն, անոնք պիտի տեղափոխուէին նաեւ Եւրոպա եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ:

«Ի հարկէ, Իրանը պիտի շարունակէ նահատակ Սուլէյմանիի սպանութեան հեղինակները պատասխանատուութեան ենթարկելուն ուղղուած ջանքերը եւ անոնք պիտի չխուսափին պատասխանատուութենէն։ Իրանի ժողովուրդը դիմակայած  է  ԱՄՆ-ի ու անոր դաշնակիցներու առաւելագոյն ճնշման ու պատժամիջոցներուն եւ յաղթած է այդ պայքարը», ըսած է զօրավար  Հաճիզատէ։