Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր 9 սեպտեմբերին ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ` չի համապատասխաներ իրականութեան:
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ»,- նշած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն: