Արմատներով Հալէպէն եւ ներկայիս Մոնթրէալ հաստատուած կրթական մշակ, ազգային գործիչ՝ Աւետիս Պագգալեան սրտախբուխ տողեր գրած է օրերս Հալէպի մէջ անակնկալ մահով մեզմէ առ յաւէտ հեռացած Մանուէլ Քէշիշեանին մասին։
Ստորեւ գրառումը՝
Սրտի խոր կսկիծով իմացայ վաղաժամ մահուան գոյժը՝ Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական Վարժարանի երկարամեայ տեսուչ, մանկավարժ, հրապարակախօս, բեմադրիչ, մտաւորական եւ վերջերս նշանակուած տնօրէն հանգուցեալ Մանուէլ Քէշիշեանին:
Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին բոլոր ծանօթներն ու բարեկամները վստահաբար զինք պիտի յիշեն իր բարի եւ ազնիւ վերաբերմունքով եւ հաճելի ներկայութեամբ: Ան մեծերուն հետ մեծ էր, իսկ փոքրերուն հետ փոքր: Ան իր իւրայատուկ անձնաւորութեամբ կրցած էր լեզու գտնել ամէնքի հետ եւ գեղեցիկ տպաւորութիւն յառաջացնել: Հանգուցեալը համեստութեան լաւագոյն օրինակն էր:
Այսօր տխուր այս պահուն, Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանի ամբողջ ընտանիքը, կը զգայ, որ իրմէ շատ կարեւոր անհատ մը պակսած է արդէն. ոմանք կը զգան եղբօր մը բացակայութիւնը, իսկ ոմանք ալ ընկերոջ մը, իսկ ուրիշներ հօր մը, ուսուցիչի մը, հարազատի մը... վստահաբար տակաւին շատ բան ունէիր տալու յարգելի Պրն. Քէշիշեան:
Այս տխուր պահուն, անկեղծօրէն սեղմելով հանգուցեալի հարազատներուն ձեռքը իմ խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ եւ հաւասարապէս կը կիսեմ անոնց սուգը մաղթելով երկնային մխիթարութիւն:
Տէրը լուսաւորէ հանգուցեալի հոգին եւ Երկինքի Արքայութեան արժանացնէ:
Յիշատակն արդարոց օրհնեալ լինի: