image

Ինքնաշարժի մեծ արկած Կոտայքի մէջ. Կան զոհեր

Ինքնաշարժի մեծ արկած  Կոտայքի մէջ. Կան զոհեր

Երէկ ժամը 18:30-ի սահմաններուն Աբովեան-նոր Հաճն ճանապարհի` Նոր Հաճնի կամուրջի սկզբնամասին բախած են BMW եւ Mitsubishi Pajero մակնիշի ինքնաշարժները:

Մէկ հոգի տեղւոյն վրայ մահացած է, չորս հոգի, որոնցմէ երկուքը` ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ, տեղափոխուած են «Աբովեան» բժշկական կեդրոն:

Մինչ դէպքի վայրին մէջ կ'աշխատէր քննչական խումբը, հիւանդանոցէն  ահազանգ ստացուած է, որ վիրաւորներէն  երկուքը, գիտակցութեան չգալով, մահացած են: