image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ խօսած են Փութին եւ Էրտողան

Ինչ խօսած են Փութին եւ Էրտողան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը ծննդեան օրուան առթիւ՝ նշելով անոր անձնական մեծ ներդրումը ռուս-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ։ Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ օրակարգի որոշ արդիական թեմաներու»,- ըսուած է Քրեմլի կայքի հաղորդագրութեան մէջ։

Փութին նաեւ շնորհաւորական հեռագիր յղած է Էրտողանին։

«Դուք իրաւամբ բարձր հեղինակութիւն կը վայելէք ձեր հայրենակիցներու շրջանակին եւ արտասահմանին մէջ։ Այս դժուարին պահուն, նման ճգնաժամային իրավիճակին, երբ Թուրքիան կը յաղթահարէ աւերիչ երկրաշարժերու ողբերգական հետեւանքները, լիովին կը դրսեւորուին ձեր՝ որպէս պետական գործիչի եւ մարդու լաւագոյն որակները, համարձակութիւնը, կշռադատուած եւ անհրաժեշտ որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Ռուսիոյ մէջ բարձր կը գնահատեն ձեր անձնական ներդրումը մեր երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ կառուցողական համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ,- գրած է Փութին,- Վստահ եմ, որ մենք այսուհետեւ եւս կը շարունակենք իրականացնել փոխշահաւէտ համատեղ նախագիծեր, կը շարունակենք տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի կարեւոր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանքերու համակարգումը»։

«Սրտանց կը մաղթեմ քեզի, սիրելի բարեկամ, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն, բարօրութիւն եւ յաջողութիւններ»,- գրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը, հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»ը: