image
Հրատապ լուրեր:

Ի բերանոյ Քումմէ. Գրեց՝ Սագօ Արեան

Ի բերանոյ Քումմէ. Գրեց՝ Սագօ Արեան

 

Ռազմական խնդրէն անդին, անշուշտ, կար եւ դեռ ալ կայ դիւանագիտական միջամտութիւններ կատարելու խնդիրը, որուն պարագային ալ Ռուսաստան թերացաւ։ Այսօր արդէն իսկ անոր դիւանագիտութեան գլխաւոր դէմքը, որ տարբեր առիթներով Երեւանէն առնուած եւ նկարահանուած Արարատի լուսանկարներով կը հպարտանար, անցած է նախայարձակման։ Ինչո՞ւ այդպէս է կամ ի՞նչ հանգամանքներու բերումով Սերկէյ Լաւրով թոյն կը թափէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն դէմ. դեռ կարելի է ճշդել, վերլուծել ու ներկայացնել։ Սակայն հիմնական խնդիրը այդ մէկը չէ, այլ աւելի խորքային է, որովհետեւ Հայաստան-Ռուսաստան այսօրուան յարաբերութիւնները ո՛չ միայն վատառողջ են, այլեւ բառիս ամբողջական իմաստով՝ հիւանդագին։

Հայաստանի հիմնական խնդիրը կողմնորոշուիլն է։ Դաշնակիցներուն եւ նոյնիսկ թշնամիներուն հետ անյստակութեան, անորոշ տեսակէտներու իրավիճակէն անդին՝ Հայաստան այսօր ունի լուրջ խնդիրներ իր ռազմավարական հիմնական դաշնակից (գէթ այդպէս ներկայացող) Ռուսաստանին հետ։

Անշուշտ, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները մեծ ցնցում ապրեցան՝ մասնաւորապէս 2020 թուականի պատերազմական փուլէն անդին, երբ ի տարբերութիւն շատերու անհիմն վարկածներուն՝ Ռուսաստան պարզապէս դիտեց պատերազմը եւ որեւէ միջամտութիւն չկատարեց։ Վրէժ լուծեց Ռուսաստանը Հայաստանէն ու դեռ կը շարունակուի այդ մառախլապատ ճանապարհը, որուն ծայրին ալ ցարդ որեւէ լուսաւորութիւն չ՚երեւիր։ Խնդիրը այն է, որ Երեւանի հրապարակներուն եւ փողոցներուն մէջ 2018 թուականի դէպքերը երբեք չեղան Ռուսաստանի նոր ցարին սրտով։ Պատահածը յեղափոխութիւն մը ըլլալէ անդին, նախ եւ առաջ, փոփոխութիւն էր ու այդ պատճառով ալ Ռուսաստան մինչեւ այս պահը խորթ աչքերով կը նայի Հայաստանի իշխանափոխութեան, որ սոսկ իշխանափոխութիւն մը չէր, այլեւ ունէր արտաքին լծակներ, որոնք նաեւ նախերգանք մըն էին Ռուսաստան-Արեւմուտք մեծ պայքարին համար, որ այսօր կ՚անցնի իր թէժ ժամանակները։

Ի՞նչ կատարուեցաւ այդ բանէն ետք եւ ինչո՞ւ կոտրուած սրտով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ Քրեմլինի իր օդասուն սրահներուն մէջ ու վառ լոյսերուն տակ դիմաւորեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը. բոլորս գիտենք։ Գիտենք նաեւ, որ ի զարմանս շատերուն՝ Փաշինեան դանդաղօրէն դարձաւ Մոսկուայի ամենավստահելի մարդը Երեւանի մէջ։ Ճիշդ է, որ այդ յարաբերութիւնը անցաւ որոշակի տատանումներէ, բայց երբ Փաշինեանին առջեւ կարեւոր կոլ մը արձանագրելու առիթ կը բացուէր, ան կը շարժէր ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ եւ գնդակը կը նետէր դէպի ռուսական կիսադաշտը։

2022 թուականի սեպտեմբերին, Ատրպէյճան յառաջ բերելով իր բանակը կը հասնէր Ջերմուկ քաղաքի մատոյցներուն։ Հայաստան քաղաքական-անվտանգային իր վերին մարմիններու բերնով Ռուսաստանէն, հետեւաբար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) նեցուկ եւ անվտանգութեան երաշխիքներ, գուցէ նաեւ որոշակի միջամտութիւն կը խնդրէր, բայց եւ այնպէս, ինչպէս միշտ, ռուսական կողմը կը պատասխանէր մեծ խուսանաւումներով։ Մեծ գին վճարողը կ՚ըլլային Հայաստանի բանակը, հայկական շէներն ու ի վերջոյ հայոց հողը։

Մոսկուա կը լռէր, ՀԱՊԿ անգիտակ կը ձեւանար ու ասկէ աւելի ծանրը՝ Ռուսաստան կ՚ուշացնէր զինամթերքի այն խմբաքանակը, որուն գումարը շատ վաղուց Հայաստան փոխանցած էր իրեն։ Անշուշտ, զինուորական նիւթի վերաբերեալ հարկ է ունենալ աւելիով ստուգուած տեղեկութիւններ, բայց առնուազն Ռուսաստանի Հայաստանին զէնք չուղարկելու հարցը հետզհետէ աւելի հնչողութիւն կը ստանայ, որովհետեւ նման նուրբ պարագայի մը վերաբերեալ Մոսկուայի լռութիւնը դուռ կը բանայ հետեւութեան, թէ այդպիսի մեղադրանքը հիմնաւորուած է։

Ռազմական խնդրէն անդին, անշուշտ, կար եւ դեռ ալ կայ դիւանագիտական միջամտութիւններ կատարելու խնդիրը, որուն պարագային ալ Ռուսաստան թերացաւ։ Այսօր արդէն իսկ անոր դիւանագիտութեան գլխաւոր դէմքը, որ տարբեր առիթներով Երեւանէն առնուած եւ նկարահանուած Արարատի լուսանկարներով կը հպարտանար, անցած է նախայարձակման։ Ինչո՞ւ այդպէս է կամ ի՞նչ հանգամանքներու բերումով Սերկէյ Լաւրով թոյն կը թափէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն դէմ. դեռ կարելի է ճշդել, վերլուծել ու ներկայացնել։ Սակայն հիմնական խնդիրը այդ մէկը չէ, այլ աւելի խորքային է, որովհետեւ Հայաստան-Ռուսաստան այսօրուան յարաբերութիւնները ո՛չ միայն վատառողջ են, այլեւ բառիս ամբողջական իմաստով՝ հիւանդագին։

Հասկնալի է՝ Հայաստան փոքր երկիր մըն է, շատ սահմանափակ կարողութեամբ, թոյլ ներուժով եւ այսօրուան մեծ պատկերին մէջ անոր ներուժը շատ չնչին է. օրինակ՝ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ ներուժին բաղդատմամբ։ Այս բոլորը յստակ են, սակայն, այս կէտին վրայ գլուխ կը ցցէ հետեւեալ հարցումը. այդ շահերը, այդ հաշիւները, այդ շահակցական եւ ռէէլփոլիթիք խաղերը միթէ չկայի՞ն անցեալ տարիներուն։ Պատասխանը պարզ է. այո՛։ Այս առումով արդէն փաստուած է, թէ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի պարագային մշակուած քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է՝ իշխանական աթոռներու վրայ նստած մարդոց ինքնութեամբ։ Երբեք մանրուք մը չէ այդ խնդիրը, այլ իրաւացի խօսք է՝ մանաւանդ, որ այս մասին օրերս գրեթէ գաղթակղեցուցիչ յայտարարութիւն մը ըրաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Ռէյքաւիքի մէջ ան այս մասին խօսելով մասնաւորապէս ըսաւ.

«2018 թուականին մեր թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանին ժողովրդավարական մեծ յառաջընթաց բերաւ, բայց 2020 թուականի սեպտեմբերին սկիզբ առաւ Ատրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ եւ Հայաստան ներքաշուեցաւ պատերազմի մէջ: Շատեր այսօր ալ կը մտածեն, որ պատերազմի պատճառը Հայաստանի ժողովրդավարական ձգտումներն էին տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ժողովրդավարութիւնը կրնայ կասկածով ընկալուիլ: 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ին ես ստորագրեցի հրադադարի մասին եռակողմանի յայտարարութիւն մը, որ պետական կառոյցներու, կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի վրայ յարձակման պատճառ դարձաւ, որովհետեւ սանձազերծուած պատերազմը, ըստ ամենայնի, նաեւ Հայաստանի կառավարութեան փոփոխութեան հասնելու նպատակը ունէր»։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի սրտնեղութեան, նաեւ այդ կապակցութեամբ կատարած բաւական բացայայտ խոստովանութեան տեսակէտէ ուշագրաւ է վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանի վերջերս ստորագրած ուշագրաւ յօդուածը։ Ան Մոսկուայի քայլերուն տեղին գնահատական մը տուած է, նաեւ վերլուծած Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնները։

«Գիտեմ՝ մենք ունինք տեղեկութիւններ, թէ անոնք (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները) հայերուն իբրեւ թէ կ՚ըսեն, որ եկէք մեր մօտ, քշեցէք ռուսերը ձեր տարածքէն եւ սահմանապահները նոյնպէս, հանեցէք ռազմակայանը, ամերիկացիները կ՚օգնեն ապահովելու անվտանգութիւնը։ Բացայայտ սադրանք։ Այս ալ դիւանագիտութիւն չէ… Չկայ այլեւս այդ դիւանագիտութիւնը։ Կայ ուղիղ կաշառք», յայտարարած է Լաւրով՝ ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ:

Ըստ վերլուծաբանին, Լաւրովի յայտարարութիւնը թերեւս, նոյնպէս, դիւանագիտութիւն չէ, այլ գործնականօրէն, նոյնպէս, սադրանք է: Գուցէ պատասխան սադրանք, սակայն, սադրա՛նք: Փաստօրէն, արեւմը-տեան երկիրներու եւ կառոյցներու հետ Հայաստանի աշխատանքը՝ Լաւրովի տրամաբանութիւնը կը դնէ ահա այդ նշանաբանին ներքեւ. աշխատանք Ռուսաստանը դուրս մղելու համար: Մինչդեռ, եթէ իրավիճակը դիտարկուի աշխատանքի գնահատականի մեքենայականութեամբ, ապա Հայաստանէն ինքզինքը դուրս դնելու ուղղութեամբ ամենէն ուժեղ աշխատանքը տարած է ու կը տանի Ռուսաստանը։ Մնացեալները պարզապէս կ՚օգտուին այդ աշխատանքէն: Սերկէյ Լաւրով Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ղեկավարէ արդէն գրեթէ քսան տարիէ ի վեր: Յօդուածին մէջ շեշտուած է, որ այս ժամանակահատուածին Երեւանի հանդէպ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը աչքի զարկած է միմիայն ապաշնորհութեամբ: Այդ ապաշնորհութիւնն ալ դարձած է՝ Ռուսաստանի մրցակիցներու «շնորհալիութեան» գլխաւոր յենակէտը: Այո՛, կասկածէ դուրս է, որ թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ այլ Եւրոատլանտեան երկիրներ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն չունին բարեգործական մղումներով կամ հայ ժողովուրդի նկատմամբ անմնացորդ սէրով: Կայ քաղաքական շահ, կայ ազդեցութեան համար պայքար եւ սա կը հասկնան բոլորը: Բայց, եթէ այդպէս է, դեռ չի նշանակեր, որ Հայաստան պէտք չէ ձգտի սերտօրէն աշխատելու այդ խաղացողներուն հետ՝ առաւել եւս, որ անոնք աշխարհին մէջ կ՚որոշեն շատ բան: Ի հարկէ, ո՛չ ամէն ինչ, ինչպէս շատեր կը կարծեն Հայաստանի, առաւել եւս Կովկաս-Մերձաւոր Արեւելքի բարդ տարածաշրջանին մէջ, բայց կ՚որոշե՛ն շատ բան:

Վերլուծաբանը այս առումով համոզուած է, թէ Հայաստանէն շատ ջանք կը պահանջուի այս բարդ տարածաշրջանին մէջ, համաշխարհային նուրբ իրավիճակին մէջ՝ իր անվտանգութեան կարիքները հոգալու եւ կայունութեան կենսական խնդրին ընթացիկ լուծում մը ապահովելու համար: Իսկ այս բանը կը պահանջէ սերտ աշխատանք Արեւմուտքի հետ: Ամենեւին, այդ աշխատանքը կ՚ենթադրուի ո՛չ միայն Արեւմուտքին, այլեւ արաբական պետութիւններու, հարեւան Իրանի, Հնդկաստանի եւ ընդհուպ մինչեւ Թուրքիոյ հետ. Էրտողանի Թուրքիային հետ, որ եղբայրաբար կ՚ընդունի Լաւրովին ղեկավարը:

Հայաստանին համար այդ աշխատանքը անհրաժեշտ է։ Ընդ որում, այսպէսով Երեւան կամայ թէ ակամայ կը լուծէ նաեւ հարցեր, ինչ որ նպաստաւոր է նաեւ Մոսկուայի համար։ Արդարեւ, եթէ Հայաստանի շուրջ կայունութիւնը չապահովուի, ապա ա՛լ աւելի պիտի սրուի ապակայունութիւնը, ինչ որ աւելի պիտի հրահրէ հանրային բացասական վերաբերմունքը Ռուսաստանի դէմ։ Սա թերեւս կրնայ խթան մը դառնալ՝ Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու համար: Ուստի, այն ինչ որ կ՚ընէ Հայաստան Եւրոատլանտեան ուղղութեամբ դիւանագիտական աշխատանքի տեսքով՝ գործնականօրէն Ռուսաստանը դուրս մղել չէ, ընդհակառակն՝ անոր «հոգի թեթեւացում», թէկուզ պայմանական կամ յարաբերական իմաստով:

Հուսկ, վերլուծաբանը կ՚եզրափակէ, որ թէեւ Լաւրով, ի հարկէ, բաւական հմուտ դիւանագէտ մըն է այդ բոլորը հասկնալու համար, սակայն պարզապէս այդ հմտութեան ծիրէն ներս լաւ գիտէ նաեւ դիւանագիտութեան կարեւոր կանոններէն մին. լեզուն դիւանագէտին տրուած է՝ իրական միտքերը թաքցնելու համար:

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...