image

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

 ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Յառաջիկայ 28 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը։

4 տարին մէկ գումարուող այս ժողովը պիտի քննարկէ կուսակցութեան ընդհանուր վիճակը, կուսակցութեան բարձրագոյն մարմնի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անցնող 4 տարիներու գործունէութիւնը, պիտի կատարէ հաշուետւութիւն եւ ընդունի բանաձեւեր ու նաեւ ճշդէ կուսակցութեան ներքին թէ արտաքին ազգային- քաղաքական ընդհանուր ուղեգիծները։

Դռնփակ ժողովի աւարտին աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան ժամանած ՀՅԴ պատգամաւոր-ներկայացուցիչները պիտի ընտրեն կուսակցութեան Բիւրոյի նոր կազմը, նախատեսուած յառաջիկայ 4 տարիներու գործունէութեան համար։