image
Հրատապ լուրեր:

Հուլուսի Աքարը սպառնացած է նոր պատերազմով, եթէ Հայաստանը «չընդունի պարզած ձեռքը»

Հուլուսի Աքարը սպառնացած է նոր պատերազմով, եթէ Հայաստանը «չընդունի պարզած ձեռքը»

«Ջանքեր կը գործադրենք, որ Հայաստանը հնարաւորինս շուտ ընդունի Ատրպէյճանի պարզած ձեռքն ու տարածաշրջանին մէջ հաստատուի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն»․ յունուար 29-ին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Հուլուսի Աքարը, որու գլխաւորած պատուիրակութիւնը ներկայիս կը գտնուի Պաքու։

2018-2023 թուականներուն Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Աքարը ատրպէյճանցի լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին շարունակած է ուղերձներ յղել Հայաստանին։

«Պէտք է իմանալ՝ որեւէ տեսակի սադրանքով, աջակցութեամբ կամ ուղղորդմամբ առաջնորդուիլը դրական պիտի չազդէ տարածաշրջանի, Հայաստանի վրայ եւ պիտի չհեշտացնէ մարդոց կեանքը»։

Աքարի պնդմամբ՝ կան որոշ երկիրներ, որոնք կ՚ուզեն Հայաաստանը  վստահուած-փոխանորդ (փրոքսի) պետութիւն դարձնել։

«Եթէ Հայաստանն այդ ճանապարհն ընտրէ, ապա ինչպէս 44-օրեայ գործողութեան ժամանակ շատ լուրջ վնաս կրեց եւ գին վճարեց, նոյն ձեւով պատմութիւնը կը կրկնուի»,- նշած է Աքարը՝ վերահաստատելով, թէ Թուրքիոյ նպատակը խաղաղութիւնն ու կայունութիւնն է։