image
Հրատապ լուրեր:

. Ոչ պետական, ոչ ալ «Իշթիրաք» ...

. Ոչ պետական, ոչ ալ «Իշթիրաք» ...

Լիբանանի մէջ յառաջիկայ ժամերուն ելեկտրական հոսանքի լուրջ խնդիր կրնայ ստեղծուիլ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Lebanon 24 կայքէն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ, որ մինչ ելեկտրական հոսանք հայթայթող պետական գործարանները արդէն իսկ կը գործեն ոչ ամբողջական կերպով, անդին երեւան սկսած է գալ, որ քաղաքացիներուն համար կենսական համարուող թաղային շարժիչները («իշթիրաք») նոյնպէս կրնան դադրիլ։ 

 

 Աղբիւրը նաեւ  կը հաղորդէ, որ ստեղծուելիք տագնապին հիմնական պատճառը մազութի պակասն է, որ վերջին շաբաթներուն վերածուած է համատարած խնդրի։

 Իր կարգին անհատական նախաձեռնութիւն համարուող ելեկտրական շարժակներու սենտիքայի պատասխանատու Ապտօ Սաատէ, որ նոյն աղբիւրին խօսած է, ըսած է, որ անցնող ժամերուն իրենց խոստացուած մազութի քանակները չեն տրուած ու այդ պատճառով ալ իրենք ստիպուած պիտի ըլլան անորոշ ժամանակով մը անջատել թաղային շարժակները։

 

 Յստակ է նաեւ, որ թաղային շարժակներու անջատման պարագային Լիբանան պիտի մտնէ համատարած մթութեան փուլ մը, որուն հանգուցալուծման մասին կանխատեսում ակնկալելը բաւական բարդ հարց է։