Օրերս Կաթողէ աշխարհի հիմնական հոգեւոր կեդրոնին՝ Վատիկանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է համագումար նուիրուած Քրիստոնէական ծիսագիտական հարցերու։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժանմունքէն։
Նշենք նաեւ, որ այս կարեւոր ժողովի գրաւոր նիւթով հանդէս եկաւ արմատներով Պէյրութահայ եւ վերջին տարիներուն Պոլսոյ մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներակայցնենք, այդ առթիւ տրուած թղթակցութիւնը։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին հովանաւորութեամբ Հռոմի մէջ կազմակերպուած է Ծիսակատարութեան նուիրուած համագոմար, որ սկիզբ առաւ 16 Փետրուարին եւ կ՜աւարտի վաղը` 18 Փետրուարին, Հռոմի Աուկուսթինիանում Հայրաբանութեան տաճարէն ներս, որուն բացումը կատարեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի։
Բացման խօսքին մէջ Վսեմաշուք կարդինալը շեշտը դրաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ծիսական ժառանգութեան վրայ ու այն վտանգին վրայ որ այդ ժառանգութիւնը կորսուի, ի տես մասնաւորապէս վերջին տարիներուն Արեւելեան ծէսերու պատկան հաւատացեալներուն արտագաղթին։ «Այդ ժառանգութիւնը պահպանելը պարտականութիւնն է ոչ միայն Արեւելեան ծէսի պատկան պատասխանատուներուն այլեւ Արեւմտեան եկեղեցւոյ» ըսած է Կարդինալ Սանտրի։
Համագումարը կը զուգադիպի 6 Յունուար 1996-ին հրապարակուած ցուցմունքներուն 25 ամեակին, հայող Արևելեան եկեղեցիներու կանոնագրքի ծիսական հրահանգներուն։
Մասնակիցներու շարքին էր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքները, որոնց շարքին նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ մինչ զեկուցողներու շարքին էին Ժոպ Կեթչա Արքեպիսկոպոսը` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչը, Մեծն Պրեթանիոյ մօտ պապական նուիրակ Գերապայծառ Քլաուտիօ Քուճերոթթի եւ Քոշիչէի թեմին արքեպիսկոպոս գերապայծառ Քիրիլ Վասիլը։ Առաջին օրուան նիստերու փակումը կատարեց Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն։
Հայր Վարդան Գազանճեանի ելոյթը
Նշենք թէ ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան, որ իր ունեցած միջամտութեան մէջ անդրադարձ կատարեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մասին, ըլլայ անցեալի ըլլայ ներկայի իրավիճակի մասին, վերջին Սիւհոդոսի ընթացքին Ծիսական Յանձնախումբին նախագահ՝ Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի ընտրութեան եւ ապագայի նոր ծրագիրներու մասին։
Հինգշաբթի օրուայ աշխատանքային նիստերը տեղի կ՜ունենան դռնփակ մինչ Ուրբաթ` 18 փետրուարի առաւօտեան նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, զոր կը գլխաւորէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի որմէ ետք, Արեւելեան Եկեղեցիներու Կաթողիկէ Պատրիարքները ու աւագ Արքեպիսկոպոսները առանձնական հանդիպում կ՜ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ աւելի ուշ Ան ունկնդրութիւն կը շնորհէ` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի լիագումար նիստին եւ վերոնշեալ Ծիսական համագումարին մասնակիցներուն։