image

հրդեհ՝ Հալէպի «Ալ Անտալոս» հիւանդանոցին մէջ

  հրդեհ՝ Հալէպի   «Ալ Անտալոս» հիւանդանոցին մէջ

Հալէպի հիւանդանոցներուն մէջ վերջերս պատահած հրդեհները մտահոգիչ դարձած են: Վերջինը «Ալ Անտալոս» սեփական հիւանդանոցի մէջ բռնկած հրդեհն էր, որ լայնօրէն տարածում գտաւ լրատուամիջոցներով եւ ընկերային հարթակներով: 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ UEPA կայքէն: 

Ի պատասխան այս լուրերուն, Սեփական հիւանդանոցներու միութեան խորհուրդը հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր մասնաւորապէս կ'ըսէ,-

«Ելեկտրական հոսանքի լարերուն պատճառաւ, մասնաւորապէս հիւանդանոցի առաջին յարկի փակ սենեակներէն մէկուն մէջ, 22 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 4:00-ին հրդեհ յառաջացաւ: Հիւանդանոցի աշխատակիցները փորձեցին մարել կրակը, նաեւ ահազանգեցին հրշէջներուն, որոնք անմիջապէս հասան ու մարեցին հրդեհը: Մինչ այդ հիւանդները՝ թիւով 10  փոխադրուեցան շտապ օգնութեան ինքնաշարժներով մօտիկ այլ հիւանդանոցներ»:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երեք մահացողներուն՝ երկու կնոջ եւ տղամարդուն, հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ անոնք արդէն յառաջացած հիւանդութեան հանգրուանին հասած տարեցներ էին, եւ հրդեհը պատճառ չէր անոնց մահուան: 

Սեփական հիւանդանոցներու խորհուրդը նաեւ անդրադարձած է այդ երեք հիւանդներուն հիւանդութեանց նշելով թէ առաջինը քաղցկեղէ կը տառապէր, երկրորդը՝ մարսողական ուղիներու արիւնահոսութենէ, իսկ երրորդը՝ ուղեղային կաթուածէ եւ այլ ուղեկցող հիւանդութիւններէ: 

«Սեփական Հիւանդանոցներու միութեան խորհուրդը կը ցաւի, թէ ինչպէս կարգ մը պատկան մարմիններ ու լրատուական միջոցներ արձագանգեցին այս հրդեհին տարածելով կեղծ լուրեր ածխացած դիակներու մասին, առանց ստուգելու լուրերու ճշգրտութիւնը»,- եզրափակուած է  հաղորդագրութիւնը: