Այսօր առաւօտ պայթում մը գրանցուած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Սանա» լրատուականէն։
Կը նշուի, որ պայթումը եղած է «Տուար ալ ժամարէք» շրջանին մէջ եւ այն եղած է բանակային զինուորներ փոխադրող կառքի մը մէջ։
Նախնական տուեալներով զոհուած է մէկ զինուոր, իսկ 14 ուրիշներ վիրաւորուած են։