I am so glad to help our Armenian students who are in real need in Lebanon. I did sponsor 100 students their annual tuition so they can attend Armenian school for free and help ease their financial burden
Ամերիկահայ Ազգային բարերար Մայք Սարեան հերթական անգամ կարեւոր նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է։
Ան օրերս յայտարարած է, թէ պիտի հոգայ 100 լիբանանահայ աշակերտի մէկ տարուան կրթաթոշակը։
Բարերարը այս առթիւ կարճ գրառում մը կատարած է յայտնելով իր գոհանակութիւնը ըսելով ՝«Իրապէս հպարտ եմ, որ նեցուկ պիտի կանգնիմ լիբանանահայ աշակերտի։ Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ Լիբանանը կ՚անցնի բարդ վիճակներէ եւ այս նեցուկս թող քիչ մը թեթեւցնէ անոնց տագնապը»։
Նշենք նաեւ, որ այս առթիւ կարճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը, որուն Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տոնոյեանի ճիգերով եւ խողովակով Լիբանան պիտի հասցուի այդ օժանդակութիւնը։
Այս առթիւ ալ Առաջնորդարանը հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
ՏՕՔԹ. ՄԱՅՔ ՍԱՐԵԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ 100 ԱՇԱԿԵՐՏԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ
Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ն լաւագոյնս արժեւորելու նպատակով, 2022-ի առաջին օրէն սկսեալ հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով եւ կոչ կ՛ուղղէ իր հօտի բոլոր զաւակներուն՝ օժանդակութեան ձեռք մեկնելու Սփիւռքի հայութեան կարիքաւոր հատուածներուն, ի մասնաւորի՝ լիբանանահայութեան:
Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքէն ներս ծանօթ եւ գործունեայ ազգային՝ Տօքթ. Մայք Սարեանի, որ անմիջապէս ընդառաջելով Թորգոմ Եպս.ի առաջարկին, հովանաւորեց Լիբանանի Ազգ. վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) աշակերտներու կրթաթոշակը, 2022-2023 տարեշրջանի համար:
Այս առիթով Տօքթ. Սարեան նշեց, որ ըլլալով նախկին լիբանանահայ, ինք իր համեստ լուման է, որ կը բերէ իր ծննդավայրի հայութեան օժանդակութեան գործին:
Թորգոմ Եպս. իր կարգին բարձր գնահատեց Տօքթ. Սարեանը, որ նման անմիջականութեամբ կ՛ընդառաջէ իր կոչին եւ այսպիսի ջերմ սրտակցութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի հայ աշակերտութեան նկատմամբ:
THROUGH THE WESTERN PRELACY DR. MIKE SARIAN SPONSORS 100 STUDENTS IN LEBANON
In order to make the best of the “Year of the Diaspora” proclaimed by His Holiness Aram I, Catholicos, starting from the beginning of the year, the Prelate H.G. Bishop Torkom Donoyan launched various initiatives and calls to lend a helping hand to the needy Armenians of the Diaspora, especially in Lebanon.
On Tuesday, February 1, 2022, the Prelate welcomed the visit of Dr. Mike Sarian, who responded to his proposal and sponsored 100 students in Lebanon for the 2022-2023 academic year.
On this occasion, Dr. Sarian mentioned that being a Lebanese-Armenian, this is his modest contribution to the cause of supporting the Armenians of his birthplace.
Bishop Donoyan highly appreciated Dr. Sarian, who responded to his call and showed sympathy for the Armenian students in Lebanon.